login
Ներսէն Հայեացք
ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի Ազատ դասընթացք ծրագիրի ուսանողներէն մէկուն կարծիքը՝ «Ոգեւորուած կը հետեւիմ դասընթացքին. լաւ մշակուած ծրագիր է» 06/26/2025

Լուսինէ Հայրապետեանը ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի Լեզուի դասընթացքին հետեւելով կը փափաքի բարելաւել հայերէնի իմացութիւնը, որովհետեւ համոզուած է, որ «մեզմէ իւրաքանչիւրը պարտաւոր է պահպանել, տարածել եւ անմահացնել հայոց լեզուն, պատմութիւնն ու մշակոյթը»:

 

Լուսինէն 28 տարեկան է: Ան թարգմանիչ է եւ օտար լեզուի ուսուցչուհի  Մոսկուայի Մ.Վ. Լոմոնոսովի անուան պետական համալսարանէն ներս։ Ծնողները Արցախի Մարտակերտ շրջանի Հաթերք գիւղէն են: Անոնք Ռուսիա տեղափոխուած են պատերազմին պատճառով:    Լուսինէն մեծցած է հայախօս ընտանիքի մէջ, ուր յաճախ տեղի կ'ունենային տարբեր զրոյցներ հայոց պատմութեան, մշակոյթի եւ գրականութեան մասին:

 

Համալսարանական ուսում ստանալու տարիներուն մասնակցած է հայոց լեզուի դասընթացքներուն: Հայաստան այցելելու տարբեր առիթներ ունեցած է: Ան կը վկայէ, որ յաճախակի այցելութիւններու շնորհիւ աւելի սիրած է Հայաստանը, հայոց լեզուն եւ հայկական մշակոյթը: ԵՊՀ-ի մէջ իրականացուող միամսեայ ծրագիրը ամբողջացնելէ ետք, կ'որոշէ խորացնել հայերէնի գիտելիքները: 
 

Այդ ընթացքին կը ծանօթանայ Մարիանա Փափազեանին, որ Պրազիլէն եկած եւ մասնակցած էր միեւնոյն ծրագիրին: Ան Լուսինէին խորհուրդ կու տայ, որ հետեւի  ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի դասընթացքներուն:  

 

Անմիջապէս կ'արձանագրուի եւ յաջորդաբար կ'ամբողջացնէ Լեզուի դասընթացքի տարբեր մակարդակաները: Լուսինէն սիրով կ'ընդունի հարցազրոյց կատարելու հրաւէրը եւ այսպէս կը պատասխանէ մեր հարցումներուն.  

 

ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի ծրագիրը ինչո՞ւ հետաքրքրեց:


Անցեալ տարի որոշեցի բարելաւել հայերէնս եւ հետեւիլ ՀՀՀ-ին: ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի ծրագիրը հետաքրքրեց, որովհետեւ կրնամ առցանց հետեւիլ դասընթացքներուն, հակառակ իմ խճողուած առօրեայիս եւ ծանրաբեռնուածութեանս:

 

Դուք մասնակցած էք ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի Ազատ դասընթացք ծրագիրին: Ինչո՞ւ ընտրեցիք այս ծրագիրը:

 

Ես այս ծրագիրը ընտրեցի, որպէսզի ինքնուրոյն սորվիմ՝ իմ ազատ ժամերուս ընթացքին: Սկիզբը մտահոգ էի, արդիւնքէն վստահ չէի: Բայց, լաւ մշակուած ծրագիրին շնորհիւ  աւարտեցի դասընթացքի առաջին մակարդակը եւ յաջորդաբար հետեւեցայ միւսներուն: Ես գտայ այն ինչ կ'ակնկալէի, նոյնիսկ՝ աւելին:  Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ՀՀՀ-ի ամբողջ անձնակազմին եւ յատկապէս հեռավար ուսուցչուհի՝ Գոհար Գէորգեանին:

 

Ձեր առօրեայ կեանքին մէջ հայերէն խօսելու վարժութիւններ կը կատարէ՞ք:


Այո՛, ես իմ ընտանիքիս եւ ընկերներուս հետ հայերէն կը խօսիմ: Առաւել կը փորձեմ իմ մակարդակիս համապատասխանող հայերէն գիրքեր կարդալ:  

 

Ի՞նչ խորհուրդ կու տաք ուսանողներուն. ինչպէ՞ս կրնան աշխուժօրէն եւ կանոնաւոր ընթացքով հետեւիլ դասերուն:

 

Կը կարծեմ, որ ամէն բանէ առաջ, հայերէն սորվողը ինքզինքին պէտք է հարցնէ. «Ո՞վ եմ ես: Ինքզինքս հայ կը համարե՞մ: Հայկական արժէքները՝ մշակոյթն ու լեզուն կ'ուզե՞մ փոխանցել իմ զաւակներուս: Կ'ուզե՞մ գիտնալ, թէ հայ ժողովուրդը ինչքա՛ն մեծ դեր ունեցած է ոչ միայն հայոց այլ նաեւ համամարդկային պատմութեան մէջ»:  

 

Այս հարցումները ես ինքզինքիս հարցուցած եմ եւ հասկցած եմ, որ  մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է պահպանէ այդ արժէքները ու փոխանցէ յաջորդող սերունդին: Այս գիտակցութիւնը զիս ոգեւորեց եւ առիթ տուաւ, որ  կանոնաւոր կերպով հետեւիմ դասերուս եւ սորվիմ հայոց լեզուն:  

 

Հայոց լեզուն սորվիլը մասնագիտական կամ  անհատական կեանքի մէջ օգտակար դարձա՞ծ է:

 

Անկասկած: Հիմա ես կրնամ աւելի լաւ խօսիլ իմ ընկերներուս հետ. անոնք մաքուր հայերէն կը խօսին:  Իսկ որպէս լեզուաբան, ես միշտ սիրած եմ բոլոր լեզուները եւ ինծի հետաքրքրած է ամէն մէկ լեզուի կառուցուածքը եւ յատկութիւնը: Հայերէն սորվելու ընթացքին հայերէնի քերականութիւնը յաճախ կը համեմատեմ անգլերէնի, ռուսերէնի եւ սպաներէնի քերականութեան հետ:  Արդիւնքը շատ հետաքրքրական է:

 

Լուսինէն կը փափաքի շարունակել ուսումնառութիւնը: Ան կ'ըսէ. « Ես շնորհակալ եմ ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի անձնակազմին, որ տուած է հայերէն առցանց սորվելու հնարաւորութիւնը: Շնորհակալութիւն ծրագիրը մշակողներուն եւ դասախօսներուն, որոնք հայոց լեզուն եւ մշակոյթը պահպանելու ու փոխանցելու համար մեծ աշխատանք կը կատարեն»: