login
Հնարաւորութիւններ

Եթէ ՀՀՀի նպատակները հետաքրքրական կը գտնէք, ապա կը խրախուսենք Ձեզ միանալ մեր խումբին: Ստորեւ կրնաք տեղեկանալ խումբին միանալու կարելիութիւններուն մասին.

Որպէս Կամաւոր՝

Ամբողջ աշխարհի տարածքին, ՀՀՀն օրէ օր աճող կամաւորներու խումբ մը ունի: Այդ խումբը միայն հայերէ բաղկացած չէ:

Եթէ կը փափաքիք որպէս կամաւոր մաս կազմել ՀՀՀին, ապա Ձեր կենսագրական տուեալները հետեւեալ յղումին ղրկեցէք՝ partnership@avc-agbu.org.

Աշխատանք

ՀՀՀն հետաքրքրական խոստումնալից եւ շահաւէտ աշխատանք կ'առաջարկէ բոլոր անոնց, որոնք պարբերաբար զարգանալու եւ յաջողութեան հասնելու միջոցներ կը փնտռեն:

ՀՀՀն իր աշխատակիցներուն կ'ապահովէ հիանալի եւ աշխոյժ աշխատանքային միջավայր։ Կը խթանէ նորարարութիւնը, ուսուցումը, հետազօտական աշխատանքները, ստեղծագործական հմտութիւնները։ Հաւասար հնարաւորութիւններ կ'ընձեռէ զարգացումի եւ մասնագիտական մակարդակի բարձրացման համար։ ՀՀՀն կը ձգտի միաւորել, զարգացնել, պահպանել եւ ստեղծել եռանդուն աշխատոյժ մը, որ ընդունակ պիտի ըլլայ առաջ տանելու իր առաքելութիւնը եւ ռազմավարական արժէքները՝ հետազօտութեան, ուսուցման ու ծառայութիւններ մատուցելու ոլորտին մէջ:

Մեր աշխատանքային հնարաւորութիւնները պարբերաբար կը թարմացուին։ Այցելեցէք մեր կայքէջը, որպէսզի անձամբ տեղեակ ըլլաք, այն աշխատանքային մարզերուն մասին, որոնք կրնան հետաքրքրել Ձեզ։

Փորձառութիւն

ՀՀՀն աշխատանքային ծրագիրներ կը տրամադրէ ՀՀՀի այն ուսանողներուն, որոնք կը փափաքին աշխատանքային փորձառութիւն ձեռք ձգել։

Փորձառութեամբ, ուսանողը ի վիճակի կ'ըլլայ բարելաւել իր աշխատունակութիւնը եւ մասնագիտական հմտութիւններըԿրթական խորհրդատուն կ՚ուղղէ ուսանողները, յարմար ընտրութիւն կատարելու՝ փորձառութիւն ձեռք ձգելու համար։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կրնաք դիմել կրթական խորհրդատուին: