login
Ծրագրային Առաջարկներ

ՀՀՀ-ի ուսանողները կրնան իրենց աւարտած իւրաքանչիւր դասընթացքի վարկանիշները հաւաքելվկայական, վկայագիր կամ մասնագիտական որակաւորում ստանալու համար:

Մագիստրոսի գիտական աստիճան

Մագիստրոսի գիտական աստիճան

ՀԲԸՄ-ի  Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ) «Լեզուաբանութիւն եւ մշակութային հաղորդակցութիւն» մագիստրոսական ծրագիր ունի եւ կը շնորհէ մագիստրոսի գիտական աստիճան՝ հետեւեալ մասնագիտացումներով.

  • Հայոց լեզու եւ պատմութիւն
  • Հայոց լեզու եւ արուեստի պատմութիւն
  • Հայոց լեզու եւ մշակոյթ

Ծրագիրը ուսանողին հնարաւորութիւն կու տայ հետազօտելու հայոց լեզուաբանութիւնը, պատմական եւ մշակութային տեսութիւնները: Միջառարկայական կապերը կիրառելով՝ ուսանողը կը զարգացնէ իր գիտելիքները եւ հայագիտութեան բնագաւառի մէջ հետազօտութիւններ կատարելու հմտութիւնները:

Ընդունելութեան կարգ

ՀՀՀ-ի մագիստրոսական ծրագիրին կրնան դիմել պսակաւոր արուեստիցի աստիճան ունեցող ուսանողները: Մագիստրոսական ծրագիրին դիմելու համար անհրաժեշտ է ներկայացնել հետեւեալ փաստաթուղթերը.

  • Համալսարանական վկայականի պատճէնը
  • Համալսարանական վկայականի նիշերու պատճէնը
  • Երկու երաշխաւորագիր (երաշխաւորագիրներէն առնուազն մէկը պէտք է տրամադրուի դիմորդի կրթական ունակութիւններուն ծանօթ անձի մը կողմէ)
  • Դմում մը՝ 500 բառի սահմաններու մէջ, ուր դիմորդը պէտք է նկարագրէ հայագիտութեան բնագաւառի իր հետաքրքրութիւնը, ինչպէս նաեւ մասնագիտական ակնկալիքները:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ ընդունելութեան կարգի հետ կապուած մանրամասնութիւններու համար կրնաք կապ հաստատել ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի Կրթական հարցերու գլխաւոր պատասխանատու Մարինէ Խաչատուրեանի հետ՝ marina.khachaturyan@avc-agbu.org

Ուսումնական մաս եւ հետազօտական աշխատանք

Ծրագիրը երկու մասէ բաղկացած է՝ ուսումնական մաս եւ հետազօտական աշխատանք: Մագիստրոսի գիտական աստիճան ստանալու համար ուսանողը պէտք է հաւաքէ 120 վարկանիշ (credit)` ըստ համաեւրոպական ECTS  համակարգի:

Ուսումնական մաս. Ա խումբի եւ Բ խումբի դասընթացքներ (72 վարկանիշ)

Ուսանողը առնուազն 48 վարկանիշ պէտք է ունենայ Ա խումբի դասընթացքներէն՝ հիմնական մասնագիտացում (major): Եթէ ուսանողը որպէս երկրորդական մասնագիտացում (minor) ընտրած է պատմութիւն եւ մշակոյթ, ապա վարկանիշներու ընդհանուր թիւը պէտք է ըլլայ 24, այսինքն առնուազն 18 վարկանիշ երկրորդական մասնագիտացման նիւթէն + կամընտրական դասընթացքներ: Եթէ ուսանողը որպէս երկրորդական մասնագիտացում ընտրէ արուեստի պատմութիւն, ապա վարկանիշներու ընդհանուր թիւը պէտք է ըլլայ 30: Դասընթացքներու ընտրութիւնը պայմանաւորուած է ուսանողի մասնագիտացումէն: Կրթական խորհրդատուն կրնայ օգնել ուսանողը՝ ճիշդ ընտրութիւն կատարելու համար:

Հետազօտական աշխատանք. Հետազօտական գործունէութեան ուսանողը կը հաւաքէ 36, իսկ մագիստրոսական աւարտաճառի համար՝ 12 վարկանիշ:

Ուսանողը այս աշխատանքը կատարելու համար պէտք է տրամադրէ առնուազն 160 ժամ (ներառեալ հանդիպումները դասախօսներու եւ ղեկավարներու հետ՝ առցանց կամ անձամբ):

Վարկանիշներ/Ուսումնական Ծրագիր Ըստ Մասնագիտացման

Հայոց լեզու եւ պատմութիւն
Հայոց լեզուի դասընթացքներ (արեւելահայերէն կամ արեւմտահայերէն) – 48 վարկանիշ (Ա խումբ):
Հայոց պատմութիւն (որպէս երկրորդական մասնագիտական որակաւորում` 18 վարկանիշ) եւ կամընտական նիւթեր (6 վարկանիշ) – 24 վարկանիշ (Բ խումբ):
Հետազօտութիւն եւ գիտահետազօտական աշխատանք – 48 վարկանիշ:

Հայոց Լեզու եւ արուեստի պատմութիւն
Հայոց լեզուի դասընթացքներ ( արեւելահայերէն կամ արեւմտահայերէն) – 42 վարկանիշ (Ա խումբ):
Հակական մշակոյթ (12 վարկանիշ) եւ հայոց պատմութիւն (12 վարկանիշ) եւ կամընտրական նիւթեր (6 վարկանիշ): Պատմութեան դասընթացքները պէտք է առնչութիւն ունենան այն պատմական ժամանակաշրջանին հետ, որ ուսանողը ընտրած է իբրեւ հիմնական մասնագիտացում:

Հայոց Լեզու Եւ Մշակոյթ
Հայոց լեզուի դասընթացքներ ( արեւելահայերէն կամ արեւմտահայերէն) – 48 վարկանիշ (Ա խումբ)։
Հայկական մշակոյթ (18 վարկանիշ) եւ կամընտրական նիւթեր (6 վարկանիշ) – 24 վարկանիշ (Բ խումբ)։
Հետազօտութիւն եւ գիտահետազօտական աշխատանք – 48 վարկանիշ (Հ խումբ)
Մագիստրոսի կոչում ստանալու համար ուսանողը պէտք է առնուազն միջին <լաւ> (B) գնահատականը ունենայ գրաւոր աշխատանքի եւ հետազօտութեան համար:

Մագիստրոսական ծրագիրի խորհրդատուութիւն
Կրթական հարցերու գլխաւոր պատասխանատուն մագիստրոսական ծրագիրի խորհրդատուն է: Ան պատրաստ է ծրագիրին վերաբերեալ ցանկացած հարցումի պատասխանելու, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ խորհրդատուութիւնը տրամադրելու: Ուսանողներուն ` ըստ իրենց հետաքրքրութեան, կը նշանակուի նաեւ խորհրդատու մը, որ կը հետեւի ուսանողի ուսումնառութեանը եւ օգտակար կը դառնայ աւարտաճառի ընտրութեան մէջ:

Մագիստրոսական աւարտաճառ
Մագիստրոսական աւարտաճառը պէտք է ըլլայ ուսանողին մասնագիտական ոլորտէն ու գրուի համալսարանի երկու անդամներու ղեկավարութեամբ: Նիւթը պէտք է համապատասխանի գիտական աշխատանքներու չափանիշներուն եւ ներկայացուի առնուազն 40 էջի սահմաններու մէջ:

Մագիստրոսական ծրագրի կրթաթոշակ
Մագիստրոսական ծարագիրին դիմողները կրնան կրթաթոշակ ստանալ: Մանրամասնութիւններուն կրնաք ծանօթանալ՝ AVC Scholarship Policy:

Վկայական ստանալու ծրագիրներ

Վկայական ստանալու ծրագիրներ

Վկայական

Վկայական ստանալու համար անհրաժեշտ է առնուազն 21 վարկանիշ: Ուսանողը եթէ մէկ բաժինի մէջ 21 հնարաւոր վարկանիշէն 18 հաւաքէ, ապա տուեալ ուսանողին հիմնական որակաւորում կը շնորհուի, իսկ եթէ ուրիշ բաժինի մը մէջ 21 հնարաւոր վարկանիշէն 12 հաւաքէ, այդ պարագային երկրորդական որակաւորում կը ստանայ:

Անհատական Դասընթացքներ

Անհատական Դասընթացքներ

ՀՀՀ-ի անհատական դասընթացքները այն ուսանողներուն համար են, որոնք կը փափաքին զարգացնել հայոց լեզուի, պատմութեան, մշակոյթի կամ ճատրակի մէջ իրենց ունեցած գիտելիքները: 

Դասընթացքի աւարտին այս ծրագիրին հետեւող ուսանողները վկայագիր կը ստանան:

Վարկանիշներ

Վարկանիշներ

Վարկանիշներ

Դասընթացքը յաջողութեամբ աւարտած ուսանողը 3 վարկանիշ կը ստանայ: Կը մասնակցի ֆորում-քննարկումներուն, անհատական եւ խմբային աշխատանքներուն, կը կատարէ պահանջուած աշխատանքները՝ վարժութիւններ, առաջադրանքներ եւ քննութիւններ:

Վարկանիշներուի փոխանցում

Ուսանողը ՀՀՀ-էն ստացած իր վարկանիշները կրնայ փոխանցել այլ ուսումնական հաստատութեան: Ուսանողի պահանջքով, ՀՀՀ-ը պաշտօնապէս կը տրամադրէ համապատասխան տեղեկութիւններ:

Վկայական/վկայագիր ստանալ

Վկայական/վկայագիր ստանալ

Վկայական

Վկայական ստանալու համար ուսանողը կրնայ դիմել  ՀՀՀ- ի Արձանագրութեան գրասենեակ՝ registrar@avc-agbu.orgՎկայականի վրայ կը նշուի շրջանաւարտի անունը, շնորհուած կոչում(ներ)ը, աւարտած դասընթացքներու անուանումները, աւարտելու թուականը/թուականները եւ վկայագիրը շնորհող ուսումնական հաստատութեան անուանումը:
Շրջանաւարտին նաեւ կը յանձնուի վկայագիրի միջուկը, որուն մէջ նշուած կըլլան դասընթացքի վերաբերեալ որոշ տեղեկութիւններ, իւրաքանչիւր դասընթացքի համար ստացած նիշերը, կուտակած վարկանիշները եւ գնահատականի միջինը:

Դիմումը պէտք է պարունակէ հետեւեալ տուեալները.

  • Անուն Մականուն
  • Ծննդեան թուական
  • Աւարտած դասընթացքներու թուականներ, անուանումներ
  • Ելեկտրոնային հասցէ

Վկայականներու  ելեկտրոնային տարբերակը ուսանողին կը տրամադրուի աշխատանքային 10 օրերու ընթացքին:

Վկայագիր

Դասընթացքը յաջողութեամբ աւարտելէ ետք ուսանողը կրնայ դիմել Արձանագրութեան գրասենեակ՝ registrar@avc-agbu.org, վկայագիր ստանալու համար:

Please refer to Program Offerings for more details.