login
Մեր Մասին

Առաքելութիւնը

Հայկական Համացանցային Համալսարանի (ՀՀՀ) առաքելութիւնն է տրամադրել հայագիտական համապարփակ կրթութիւն՝ անկախ ուսանողի տարիքէն, բնակութեան վայրէն կամ գիտելիքներու մակարդակէն։ Հեռավար կրթութեան վերջին զարգացումներուն զուգընթաց՝ ՀՀՀ-ի նպատակն է տրամադրել հայագիտական կրթութիւն, նպաստել ազգային ինքնութեան պահպանմանը՝ սփիւռքի մէջ, ստեղծելով երեւութական համայնք մը, որ կ՚ապահովէ ուսանողներու սերտ հաղորդակցութիւնը։

Հեռանկարը

Հայագիտական ոլորտի մէջ, Հայկական Համացանցային Համալսարանը կը ձգտի հանդիսանալ առցանց կրթութեան առաջատար բարձրագոյն հաստատութիւնը։

Արժէքները

  • Ակադեմական եւ ճարտարագիտական կատարելութիւն
  • Առցանց միջավայրի ստեղծում
  • Ստեղծագործական միտք եւ նորարարութիւն
  • Աշխատանքային կարողութիւններու եւ ընկերային կապերու խթանում
  • Հայկական մշակոյթի պահպանում եւ վերակենդանացում
  • Համագործակցութիւն հայկական համայնքներու հետ


Պատմութիւն

Հայկական Համացանցային Համալսարանը հիմնուած է 2004 -ին, ՀԲԸՄ–ի Սիլիքոն Վելիի մասնաճիւղի ատենապետ՝ Երուանդ Զօրեանի նախագահութեամբ։ Ան միշտ եղած է հետամուտ գտնելու կրթական ծրագիր մը, որ կրնայ բաւարարել սփիւռքի եւ հայրենիքի հայ ժողովուրդի ներկայ պահանջքները։ Ծրագիրը կ՚իրականացուի Հայաստանի մէջ։ Ծրագիրի ճարտարագիտական մշակումը կը կատարուի ԵՊՀ-ի կրթութեան եւ հետազօտութեան տեղեկատուական ճարտարագիտութեան կեդրոնի գիտնականներուն ու ծրագրաւորողներուն համագործակցութեամբ։





Երկու դասընթացքով (Հայոց Լեզու եւ Հայոց Պատմութիւն) սկիզբ առած ՀՀՀ-ը, արդէն իր ուսանողներուն կ՚առաջարկէ ուսումնական նոր առարկաներ։ Համալրուած ծրագիրի շնորհիւ ՀՀՀ-ը կ՚ընդարձակուի եւ անոր գործունէութեան կարեւորութիւնը աւելի կը շեշտուի։


Այսօր, ՀՀՀ-ը ունի 39,211 ուսանող, 132 երկիրներէ։ ԱՄՆ-էն մինչեւ Ռուսիա, Հարաւային Ափրիկէէն մինչեւ Վենզուելլա, Արժանթինէն մինչեւ  Հնդկական Ովկիանոսի Ռիունիըն կղզի կը հետեւին ՀՀՀ-ի ծրագիրներուն։ 

 ՀՀՀ-ի դասընթացքները կը դասաւանդուին եօթը լեզուներով եւ հասանելի են հայագիտութեամբ հետաքրքրուողներուն։ 
 
ՀՀՀ-ը կ՚որդեգրէ  ՀԲԸՄ-ի հարուստ փորձառութիւնը, կրթական ոլորտի մէջ, ներառելով առցանց կրթութեան բնագաւառի յատկանիշներն ու միտումները։ 

Ներբեռնեցէ՛ք մեր թռուցիկը

Ներբեռնեցէ՛ք մեր գրքոյկը


ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՆԵՐ

ՀՀՀ-ը կը համագործակցի կրթական բազմաթիւ հաստատութիւններու եւ կազմակերպութիւններու հետ՝

հայոց լեզուն, պատմութիւնը եւ հայկական մշակոյթը ուսանողներուն տրամադրելու համար։

Այս առումով, այդ հաստատութիւնները ունին մեծ եւ անգնահատելի ներդրում։

 
Համատեղ ջանքերով եւ փոխադարձ կապերով հիմնուած համագործակցութիւնը կը նպաստէ

ՀՀՀ-ի առաքելութեան իրականացմանը։ 

Դոկտ. Երուանդ Զօրեան

Հայկական Համացանցային Համալսարանի Հիմնադիր Նախագահ,

ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի Անդամ



Յարգելի ՀՀՀ-ի ուսանողներ եւ ընկերներ,

Բարի գալուստ Հայկական Համացանցային Համալսարան: 

Համալսարանի առաքելութիւնն է ստեղծել երեւութական համայնք մը, որ կրնայ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ սփռուած անձերուն տալ համապարփակ հայագիտական կրթութիւն՝ անկախ տարիքէն, բնակութեան երկրէն կամ գիտելիքներու մակարդակէն։

Հայկական Համացանցային Համալսարանը ծնունդ առաւ 2004-ին, իսկ առաջին ուսումնական շրջանը սկիզբ առաւ Յունիս 2009-ին: Համալսարանը իր գործունէութեամբ ստանձնեց հայոց լեզուն, պատմութիւնը եւ մշակոյթը պահպանելու կարեւոր դերն ու առաքելութիւնը։  

Այսօր, Վրաստանէն մինչեւ Չինաստան, Շուետէն մինչեւ Հարաւային Ափրիկէ եւ Արժանթինէն մինչեւ Գանատա տարածուող 132 երկիրներէն ունինք 39,211 ուսանող։ Արդարեւ ուսանողներուն, համագործակից հաստատութիւններուն եւ նոր նախաձեռնութիւններուն թիւը կ՚աճի, շնորհիւ, ՀՀՀ-ին ձեռք ձգած համբաւին՝ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ։ Վերջերս ՀՀՀ-ը իր ծրագիրները արդի գաղափարներով ամբողջացուց (Mobile ծրագիրներ Smartphone–ի եւ iPad-ի համար, մուլթիմետիա Podcast-ներու շարք): Այս մէկը նախատեսուած է այն մարդոց համար, որոնք ՀՀՀ-ի ուսանող չեն, բայց հետաքրքրուած են հայոց պատմութեամբ եւ մշակոյթին վերաբերող հարցերով:


Ես Ձեզ կ’առաջարկեմ ՀՀՀ-ի դեսպան դառնալ՝ համալսարանի գործունէութիւնը Ձեր համայնքին մէջ տարածելու համար։ ՀՀՀ-ի նպատակն է հասանելի ըլլալ այն անձին կամ խումբին, որ կը փափաքի հայագիտական կրթութիւն ստանալ։

Հոգաբարձուներու խորհուրդ
ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանի հոգաբարձուներու խորհուրդը կանոնադրութեամբ ձեւաւորուած մարմին է։ Պատասխանատու է կրթական ծրագիրներու զարգացմանն ու յառաջացմանը,նիւթական հարցերուն եւ համալսարանի ռազմավարական քաղաքականութեանը:

  • Ասլանեան Քարոլ
  • Արսլանեան Հենրի
  • Գաբրիէլեան Նաթալի
  • Գազանճեան Դալար
  • Եագուպեան Վազգէն
  • Երկանեան Արա
  • Զօրեան Երուանդ
  • Թոքըր Պեն
  • Համալեան Արթուն
  • Ղազարեան Աշոտ
  • Մանուկեան Անի
  • Մահսերէճեան Վարուժան
  • Շուքուրեան Սամուէլ
  • Պալոյեան Նելսըն
  • Ֆրիման Մոլի


Ղեկավար կազմի անդամներ

Հայկական Համացանցային Համալսարանի ղեկավար կազմը ՀՀՀ-ի առաքելութեանը նպաստող կրթական ծրագիրներու զարգացումն ու յառաջացումը կ՚իրականացնէ՝ համալսարանի ապագայի տեսլականը ընդլայնելով, ակադեմական եւ ճարտարագիտական արժէքները ապահովելով:




Երուանդ Զօրեան

Հիմնադիր նախագահ
Ճարտարագիտական գիտութիւններու դոկտոր

Մարինէ Խաչատուրեան

Կրթական հարցերու գլխաւոր պատասխանատու

Արթիւր Աւագեան

Զարգացման բաժինի ավագ ղեկավար
Ճարտարագիտական գիտութիւններու դոկտոր

Արփինէ Թաւաքալեան

Համագործակցութեան եւ գործառնական ղեկավար

Հ.Բ.Ը.Մ.-ի մասին

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (Հ.Բ.Ը.Մ.) Հայկական Համացանցային Համալսարանի (ՀՀՀ) հիմնադիրն է ու հովանաւորը:

Հ.Բ.Ը.Միութիւնը  աշխարհի մեծագոյն ոչ-շահամէտ հայկական կազմակերպութիւնն է, որ հիմնուած է 1906-ին: Կեդրոնական գրասենեակը Նիւ Եորք կը գտնուի։ Հ.Բ.Ը.Միութիւնը կը սատարէ հայեցի ինքնութեան եւ ժառանգութեան պահպանումին ու մշակումին՝ կրթական, մշակութային եւ մարդասիրական ծրագիրներով: Միութեան գործունէութիւնները կ'ընդգրկեն տարեկան աւելի քան 500,000 հայեր, աշխարհի տարածքին։ 


Հ.Բ.Ը.Միութեան եւ անոր աշխարհասփիւռ գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար կրնաք այցելել հետեւեալ կայքէջը՝ www.agbu.org:

ՀԲԸՄՀՀՀներկայացուցիչներ ունի աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ: Մեր ներկայացուցիչները կը ծաւալեն կամաւոր աշխատանք, տարածելով տեղեկութիւններ Հայկական Համացանցային Համալսարանի առաքելութեան, ծրագիրներուն եւ դասընթացքներուն մասին։  


Եթէ կը փափաքիք ՀՀՀ-ի ներկայացուցիչը դառնալ, դիմեցէք մեզի.

ել. հասցէ՝ partnership@avc-agbu.org