Դասընթացքէն Հրաժարելու Եւ Մասնակցութիւնը Ընդհատելու Կարգը
ՀՀՀի ուսումնական շրջանին արձանագրուելու ժամանակամիջոցը սահմանափակ է։ Այդ շրջանին, ցանկացողները, կրնան մէկ, կամ, քանի մը դասընթացքներու մասնակցութեան յայտ ներկայացնել:
Դասընթացքէն Հրաժարիլ
Ուսանողը կրնայ հրաժարիլ դասընթացքներէն որեւէ մէկէն, եթէ, միաժամանակ, մասնակցած է քանի մը դասընթացքներու։ Ան իրաւունք ունի դասընթացքէն հրաժարելու 0 շաբթուան եւ1-ին շաբթուան ընթացքին: Բոլոր դիմումները կրնաք ուղարկել Արձանագրութեան Գրասենեակ, հետեւեալ հասցէին՝ registrar@avc-agbu.org: Մինչեւ 2-րդ շաբթուան սկիզբը, դասընթացքէն հրաժարելու բոլոր յայտերը կ'ընդունուին եւ կը փոխհատուցուի ուսման վճարումին 80%-ը:
Մասնակցութիւնը Ընդհատել
Մասնակցութիւնը ընդհատուած կը համարուի, եթէ ուսանողը.
- Կը մասնակցի մէկէ աւելի դասընթացքներու եւ կը հրաժարի այն ժամանակ, երբ դասընթացքէն հրաժարելու ժամկէտը վերջացած է:
- Կը մասնակցի միայն մէկ դասընթացքի եւ կը փափաքի ուսումնական շրջանի ընթացքին ընդհատել իր մասնակցութիւնը:
Ուսման վճարումի փոխհատուցումը կը կատարուի հետեւեալ ձեւով.
Օրացոյց | Փոխհատուցում % |
---|
Շաբաթ 0-էն մինչեւ Շաբաթ 1-ը1 | Կը փոխհատուցուի ուսման վճարումի 80%-ը |
Շաբաթ 2-ի ժամանակ | Կը փոխհատուցուի ուսման վճարումի 50%-ը |
Շաբաթ 3-էն վերջ | Փոխհատուցում չի կատարուիր |
Ուսանողի Կարգավիճակի Փոփոխութիւնը
ւսանողը կրնայ փոխել իր ուսմնառութեան կարգավիճակը` մասնակից ուսանողի կարգավիճակէն անցնիլ ունկնդիր ուսանողի կարգավիճակին, կամ հակառակը: Ուսանողը իր կարգավիճակը փոխելու դիմումը կրնայ ներկայացնել 3-րդ շաբաթէն առաջ: Ուսման վճարումը անփոփոխ կը մնայ այն ուսանողներուն համար, որոնք մասնակից ուսանողի կարգավիճակէն կ՚անցնին ունկնդիր ուսանողի կարգավիճակին, բայց, հակառակ պարագային, վճարումը փոփոխութեան կ՚ենթարկուի։ Կարգավիճակի փոփոխութեան վերաբերեալ դիմումները կրնաք ուղարկել Արձանագրութեան Գրասենեակ, հետեւեալ հասցէին՝ registrar@avc-agbu.org:
Հեռացման Պատճառները
Ուսանողը պէտք է աշխուժօրէն մասնակցի ՀՀՀ-ի դասընթացքներուն: Օնլայն ուսուցիչը իրաւունք ունի ուսանողին հեռացնելու`
- Անհրաժեշտ մասնակցութիւնը չցուցաբերելու եւ պարտականութիւնը չկատարելու պարագային։
- ՀՀՀ-ի ակադեմական կարգապահական օրէնքները խախտելու պարագային:
Ծանօթագրութիւն. Բանաւոր պատճառներով, դասընթացքներէն բացակայելու պարագային, ուսանողը պէտք է, որ անմիջապէս տեղեկացնէ իր օն-լայն ուսուցիչին, այլապէս ժամանկաւորապէս կը դադրի դասընթացքի մասնակցութիւնը։