login
Յօդուածներ
Յիշատակելի ոգեկոչում. ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի առցանց դասախօսութիւն 06/06/2026

Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ ամեակին եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) հիմնադրութեան 120-րդ ամեակին առթիւ, ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանի (ՀՀՀ) կազմակերպութեամբ Ապրիլ 26-ին տեղի ունեցաւ  առցանց դասախօսութիւն մը, որ լուսարձակի տակ առաւ ՀԲԸՄ-ի մարդասիրական գործունէութիւնը՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին:

 

«ՀԲԸՄ-ի առաքելութիւնը Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն» խորագիրով դասախօսութեան բանախօսն էր դոկտ. Ռէյմոնտ Գէորգեան:

 

Ֆրանսահայ պատմաբան, Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւնը հետազօտող դոկտ. Ռ. Գէորգեան, 2006-ին հրատարակուած «Դար մը պատմութիւն Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան» գիրքի համահեղինակն է: Երկու հատորէ բաղկացած այս կարեւոր աշխատասիրութիւնը ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի կողմէ մշակուած եւ ներկայացուած է ել. տարերակով՝ ՀԲԸՄ-ի 110 ամեակին:  


Դասախօսութեան ընթացքին, դոկտ. Գէորգեան ներկայացուց ՀԲԸՄ-ի առաքելութիւնն ու բարեսիրական գործունէութիւնը՝ հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենէն մռայլ եւ օրհասական շրջանին:


ՀԲԸՄ-ի փոխնախագահ եւ ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ դոկտ. Երուանդ Զօրեան, իր ողջոյնի խօսքին մէջ նշեց. «ՀԲԸՄ-ի կիզակէտը եղած է ինքնութեան պահպանումն ու բարեգործութեան խթանումը: ՀԲԸՄ-ի 120 ամեակը առիթ մըն է ետ նայելու եւ խորհելու այն մասին, թէ ինչպէս Միութիւնը, հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան, կրցած է պատմութեան ընթացքին հայ ժողովուրդի փոփոխուող կարիքները հոգալ՝ համապատասխան աջակցութիւն տրամադրելով»:  


Դոկտ. Ռէյմոնտ Գէորգեան ներկայացնելով ՀԲԸՄ-ի պատմութեան էջերը, ցոյց տուաւ որ Միութիւնը, իր տրամադրած օժանդակութիւններով եւ մարդասիրական գործունէութեամբ դարձած է հայ ժողովուրդի վերապրումի փրկարար օղակը՝ կենսական յենարանը:


Աւարտին, ներկաներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ աշխոյժ քննարկում:


Առցանց դասախօսութեան կրնաք հետեւիլ սեղմելով այստեղ:


«Դար մը պատմութիւն Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան» ել. գիրքը հասանելի է անգլերէն, ֆրանսերէն եւ արևմտահայերէն լեզուներով։ Սեղմելով այս յղումը, կրնաք անվճար ներբեռնել եւ կարդալ: