Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
Հայաստանի դպրոցներու բարձրագոյն կարգերու աշակերտները այսօր այնքա՛ն զարգացուցած են իրենց գիտելիքները, որ ոչ միայն կ'օգտագործեն ճարտարագիտութիւնը այլ նաեւ կը ստեղծեն այն: STEP.ai Արհեստական բանականութեան կրթական ծրագիրը արձանագրեց կարեւոր նուաճում. 2025-2026 ուսումնական տարեշրջանին եռամեայ ամբողջական դասընթացքին հետեւած աշակերտները փայլուն արդիւնքներով աւարտեցին դասընթացքը:
ՀԲԸՄ Սիլիքոն Վալիի, ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանի (ՀՀՀ), Սինոփսիս Արմենիայի եւ Հայաստանի Տեղեկատուական եւ հաղորդակցական ճարտարագիտութեան գործատուներու միութեան ու Սինոփսիս հիմնադրամի համատեղ ջանքերով (UEICT) STEP.ai-ի դասարանները վերածուած են նորարար կեդրոններու:
Եռամեայ ծրագիրի ընթացքին 10-րդ կարգի աշակերտները ուսումնասիրեցին «Արհեստական բանականութիւն եւ Python», 11-րդ կարգի աշակերտները՝ «Մեքենայական ուսուցում», իսկ 12-րդ կարգի աշակերտները՝ «Բնական լեզուի մշակում եւ ռոպոթաշինութիւն»։
2025-2026 ուսումնական տարեշրջանին, ԿԳՄՍ նախարարութեան կողմէ հաւատարմագրուած այս ծրագիրին միացած է 172 աշակերտ՝ 15 դպրոցէ: Աշակերտներուն ուսումնական ընթացքին հետեւած են 5 հեռավար եւ 22 առկայ ուսուցիչներ, տրամադրելով անհրաժեշտ գիտելիքներն ու աջակցութիւնը:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Էօրնէկեան դպրոցէն Տիանա Միրզոյեան կ'ըսէ. «Երբ մենք որոշեցինք մասնակցիլ, արհեստական բանականութեան մեծ յեղաշրջումը արդէն սկսած էր. բոլորիս կը հետաքրքրէր այս նոր երեւոյթը»:
Դասընկերուհին՝ Նինա Եազճեան կը նշէ. «Ծրագիրը տուաւ մեծ գիտելիք, փորձ եւ մեր ստացած գիտելիքը գործնական կիրառելու հնարաւորութիւն»:
Էօրնէկեան վարժարանի տնօրէնուհի Սուսաննա Վարդանեան կը հաստատէ. «Մեծ ջանքով կատարուած է այս աշխատանքը: Ուրախ եմ, որ նոր սերունդին տրամադրուեցաւ ճիշդ պատրաստուելու եւ գործնական ընթանալու հնարաւորութիւն»:
Երեւանի թիւ 112 դպրոցը 2022-էն միացած է այս ծրագիրին: Դպրոցի տնօրէնուհի Ովսաննա Քարամեան կ'ըսէ. «Ծրագիրին հետեւելէ առաջ ունէինք մտահոգութիւններ, բայց հանդիպում-քննարկումներէ ետք, համոզուեցանք, որ կարեւոր քայլ է 21-րդ դարու մարտահրաւէրներուն ընդառաջ»:
Դպրոցի շրջանաւարտներէն Աստղիկ Նալպանդեան կը նշէ, որ այս դասընթացքի շնորհիւ իր մտածելակերպը փոխուեցաւ. «Սորվեցայ ճիշդ օգտագործել ու կիրառել ԱԲ-ը, առաւել օգնեց, որ կողմնորոշուիմ եւ ընտրեմ իմ մասնագիտական ուղին»:
STEP.ai ծրագիրին ընթացքը պիտի շարունակուի նաեւ 2026–2027 ուսումնական տարեշրջանին։ ՀՀ ԿԳՄՍ նախարարի հրամանով հաստատուած է «STEP ai - Արհեստական բանականութեան եւ տուեալներու վերլուծութեան հիմունքներ» առարկայական ծրագիրը 10-րդ դասարանի աշակերտներուն համար։
ՀՀՀ-ի առցանց ուսուցման ոլորտին մէջ ունեցած բազմամեայ փորձառութեան շնորհիւ, դասերը պիտի կատարելագործուին, առցանց դասերուն մէջ պիտի ներառուին արհեստական բանականութեան գործիքներ, որոնք պիտի օգնեն աշակերտներուն աւելի արդիւնաւէտ սորվելու: Այս նորութիւնները աշակերտները կը պատրաստեն հետեւելու արհեստագիտական մասնագիտութիւններուն։
Տեսերիզը կրնաք դիտել սեղմելով այստեղ: