login
Յօդուածներ
ՀԲԸՄ ՀՀՀ- Հայաստանի աշխարհաքաղաքական մարտահրաւէրներ. առցանց հանդիպում-քննարկում 08/13/2026

ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ) վերջերս ԱՐՓԱ ինստիտուտի հետ կազմակերպեց առցանց հանդիպում-քննարկում՝ «Ռազմավարութեան ծրագրաւորում՝ իրավիճակներու հիմքի վրայ» դասընթացքի ծիրէն ներս: Հանդիպումը, որ համախմբած էր ոլորտի առաջատար գիտնականներն ու մասնագէտները, ցույց տուաւ, թէ ինչպէ՛ս համակարգուած աշխատանքը կրնայ նպաստել ռազմավարական մտածողութեան զարգացմանն ու որոշումներու կայացման՝ բարդ եւ արագ փոխուող պայմաններու մէջ։

 

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ 9 Մայիս 2026-ին: Աշխարհաքաղաքականութեան, անվտանգութեան քաղաքականութեան, տարածաշրջանային եւ միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտներ ներկայացուցին ակադեմական եւ հանրային ծառայութեան ոլորտներու տարբեր տեսակէտներ։ Հարցի քննարկումը կատարուեցաւ  երկու փուլով՝ հնարավորութիւն տալով անդրադառնալ Հայաստանի երկարաժամկէտ ռազմավարական առաւելութիւններուն, համապատասխան ռազմավարութիւններու մշակման եւ անորոշ պայմաններուն խաղաղութեան պահպանման մօտեցումներուն։

 

Թէեւ գործնական կեդրոնացումը Հայաստանի աշխարհաքաղաքական միջավայրն էր, սակայն դասընթացքը կը ներկայացնէ իրավիճակներու վրայ հիմնուած ռազմավարական ծրագրման սկզբունքներն ու մեթոտները։ Վերլուծական վարժութիւններով պատրաստուած դասընթացքը կ'օգնէ զարգացնելու ռազմավարական մտածողութիւնն ու որոշումներ կայացնելու հմտութիւնները:  


Դասընթացի հեղինակներ՝ դոկտոր Ալիսոն Աստորինո-Կուրտուան ​​(NSI-ի գլխաւոր վերլուծաբան, գործադիր փոխնախագահ) եւ դոկտոր Հրայր Գապայեան (Լոուրենս Լիվերմորի ազգային լապորաթորիայի հրաւիրեալ գիտնական) մշակած են մեթոտ մը, որուն շնորհիւ մասնակիցները վերլուծելու, գնահատելու եւ փոփոխուող պայմաններուն՝ կայուն ռազմավարութիւն մշակելու կարողութիւնը կ'ունենան։

 

Դասընթացքով հետաքրքրուեցան նաեւ այն կազմակերպութիւնները, որոնք կը փափաքին այս կարողութիւնները զարգացնել իրենց աշխատակազմին մէջ։ Կարգ մը կազմակերպութիւններ դասընթացին մասնակցած են խումբով՝ համագործակցային միջավայրի մէջ ուսումնասիրելու համար իրավիճակներու վրայ հիմնուած ծրագրումի հնարաւորութիւնները։

 

«Ռազմավարութեան ծրագրաւորում՝ իրավիճակներու հիմքի վրայ» դասընթացքին ծանօթանալու համար սեղմեցէ՛ք այստեղ:
 

Կարդացէ՛ք նաեւ ԱՐՓԱ ինստիտուտի հրապարակած «Հայաստանի անվտանգութիւնն ու ժողովրդավարական ուղին»: