login
Յօդուածներ
40,000 ընթերցող եւ թիւը տակաւին կ’աճի. բացայայտեցէ՛ք Հայաստանը ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի բազմաբնոյթ ել. գիրքերու միջոցով 07/09/2026

Ուղեցոյց գրքոյկները շատ հետաքրքրական են: Պատկերացուցէ՛ք ունենալ գիրք մը, որուն միջոցով կրնաք ծանօթանալ Հայաստանի պատմական վայրերուն, մշակութային կեդրոններուն եւ կամ զբօսաշրջութեան... ու այս բոլորը՝ անհրաժեշտ բառամթերքի յատուկ յաւելուածով:

 

Այսօր, ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ) կ'ապրի մեծ նուաճում: Հայաստանը բացայայտելու եւ զբօսաշրջիկներուն օգնելու միտումով պատրաստուած ել. գիրքերը ունին 40 000 հետեւորդներ:  

 

ՀՀՀ-ի «Հայկական Բարձրաւանդակը» ել. գիրքի (2014) հրապարակումէն ետք, ՀՀՀ-ը ունեցաւ իր կրթական նոր ծրագիրը:  Նախաձեռնեց ել. գիրքերու շարք մը, որ կրցաւ ներկայացնել Հայաստանի պատմութիւնը, մշակոյթը, բնաշխարհը եւ գեղատեսիլ վայրերը:

 

ՀՀՀ-ի առաջին ել. գիրքը՝ «Հայկական Բարձրաւանդակը», համապարփակ տեղեկութիւն կը փոխանցէ  հայկական լեռնաշխարհի աշխարհագրութեան եւ պատմութեան մասին: Կը ներկայացնէ հայկական լեռնաշխարհի բնաշխարհը, շրջակայ միջավայրը, հնագոյն վանքերն ու յուշարձանները:

 

«Բացայայտենք Երեւանը» ել. գիրքը կը խօսի Երեւանի պատմութեան, ճարտարապետութեան եւ մշակութային կեանքի մասին: Այս գիրքը ունի տեղեկութիւններու յատուկ յաւելուած մը, որուն միջոցով զբօսաշրջիկները հաճելի եւ ադիւնաւէտ ժամանակ կրնան անցընել Երեւանի եւ շրջակայքի մէջ:

 

ՀՀՀ-ի ել. երրորդ գիրքը «Վայոց Ձոր»ն է, որ լուսարձակի տակ կ'առնէ Վայոց Ձորի պատմական եւ բնական յուշարձանները, տեսարժան վայրերը, խոհանոցը եւ փառատօները: Ել. գիրքը օժտուած է զբօսաշրջիկներուն անհրաժեշտ տեղեկութիւններով:

 

«Կումայրիէն մինչեւ Գիւմրի» ել. գիրքը երեւութական այցելութիւն մըն է դէպի Գիւմրի՝  Հայաստանի մշակութային մայրաքաղաքը:  Այստեղ ներկայացուած է քաղաքի պատմութիւնն ու մշակութային ժառանգը:  

 

Բոլոր գիրքերը անվճար են եւ հասանելի եօթը լեզուներով։

 

Այս ել. գիրքերու շարքը եկաւ հաստատելու ՀՀՀ-ի առաքելութիւնը. «Հայկական կրթութիւն՝ միշտ եւ ամէնուր»:  

 

Ամրան եթէ Հայաստան պիտի այցելէք, օգտաշատ շրջագայութիւն մը ունենալու համար անպայման հետեւեցէ՛ք ՀՀՀ-ի ել. գիրք-ուղեցոյցներուն:

 

Ել. գիրքերը կրնաք ներբեռնել սեղմելով այս յղումը: