login
Յօդուածներ
Առցանց կրթութիւնը՝ աշխարհատարած հայկական դպրոցներուն մէջ. բացայայտեցէ՛ք ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի Հիպրիթ ծրագիրը 10/19/2026

ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանի (ՀՀՀ) Հիպրիթ կրթական ծրագիրը հայկական կրթութիւնը հասանելի կը դարձնէ աշխարհի տարբեր երկիրներու դպրոցներուն եւ համայնքային կեդրոններուն՝ համադրելով առկայ ուսուցման առաւելութիւնները ՀՀՀ-ի առցանց դասընթացքներուն եւ կրթական նիւթերուն հետ։

 

2009-էն ի վեր, ծրագիրը շարունակաբար ընդլայնուած է եւ այսօր կ՚ընդգրկէ աւելի քան 91 հայկական դպրոց, համալսարան եւ համայնքային կեդրոն։ Ծրագիրը կ՚առաջարկէ հայոց լեզուի, հայոց պատմութեան, հայկական մշակոյթի եւ ճատրակի դասընթացքներ։ Հիմնական դասընթացքները հասանելի են ուսուցման 8 լեզուներով։ Վերջին տարիներուն ծրագիրին շրջանակը ընդլայնուած է. այսօր Հայաստանի աւագ դպրոցներուն մէջ ներառուած է նաեւ «STEP.ai - Արհեստական բանականութիւն» դասընթացքը։

 

Դասաւանդումը կ'իրականանայ տուեալ վարժարաններու ուսուցիչներու եւ ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի հեռավար դասախօսներու համատեղ ջանքերով։ Անկախ դասերէն,  Հիպրիթ կրթական ծրագիրը նոր նախաձեռնութիւններու մասնակցելու հնարաւորութիւն կու տայ: Յաճախ ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի անձնակազմը, տարբեր դպրոցներու եւ  համալսարաններու ուսուցիչներուն հետ համագործակցելով, կեանքի կը կոչէ նոր գաղափարներ՝ ստեղծելով ուսանողական մեծ համայնք մը:

 

Առցանց շրջագայութիւններու, ընկերային ձեռնարկներու եւ տարբեր ծրագիրներու միջոցով ուսանողները կը բացայայտեն հայկական ժառանգութիւնը՝ կապ հաստատելով աշխարհի տարածքին սփռուած ուսանողներուն հետ: Անկասկած, Մայրենի լեզուի միջազգային օրուան նուիրուած ծրագիրները, գեղարուեստական յայտագիրները, հայ մշակոյթի նշանաւոր դէմքերու բացայայտումն ու ճանաչումը կը հարստացնեն ուսուցման աւանդական մեթոտը, դասը կը դարձնեն հետաքրքրական, իմաստալից ու կը խթանեն հետաքրքրութիւնը  հայոց լեզուի, պատմութեան, գրականութեան ու մշակոյթի հանդէպ:

 

Քանոկա Փարքի ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի աշակերտուհիներէն Էվան կ՚ըսէ. «Ես շատ կը սիրեմ ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը, որովհետեւ դասերը հաճելի եւ  հետաքրքրական են»:  

 

Ռոսարիոյ Ազգային Համալսարանի (UNR) Հայագիտական ամպիոնի տնօրէն փրոֆ. Սապրինա Տեմիրճեան կը հաստատէ. «ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի ծրագիրներու կիրարկումը մեծապէս հարստացուց ուսուցման գործընթացը։ Բազմաբնոյթ միջոցներու՝  ձայնագրութիւններու, տեսանիւթերու եւ պատկերներու միջոցով դասերը գրաւիչ են, իսկ ուսուցումը՝ արդիւնաւէտ»:  

 

Հաւատարիմ մնալով  Հայկական կրթութիւն՝ միշտ եւ ամէնուր նշանաբանին, ՀՀՀ-ը կրթութեան եւ արհեստագիտութեան միջոցով հայկական կրթութիւնը հասանելի կը դարձնէ բոլորին եւ կը նպաստէ  ուսուցիչներու մասնագիտական զարգացման։

 

Ծանօթացէ՛ք ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի Հիպրիթ ծրագիրին: