Առաջարկներ

Ընդունելութիւն

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ), որպէս կրթական ոլորտի առաջատար հաստատութիւն, կ'օժանդակէ սփիւռքահայերուն ուղղուած Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի նորաստեղծ ArmEssence ամառնային կրթական ծրագրի իրականացման:
Ծրագիրը կը համախմբէ հայ երիտասարդները՝ լեզուի, պատմութեան եւ հաւատքի հովանիին տակ: ArmEssence-ի նպատակն է ամրապնդել հայ երիտասարներու կապը իրենց ինքնութեան հետ, տրամադրելով տարբեր դասընթացքներ եւ կազմակերպելով ուխտագնացութիւններ ու ձեռնարկներ: Ծրագրի կրթական մասը ամբողջութեամբ ապահոված է ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը:
Մասնակիցները կը հետեւին արեւելահայերէնի եւ հայոց պատմութեան դասընթացքներուն: Դասերը կը վարեն ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի դասախօսները՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի կրթական կեդրոնէն ներս:
Ուաշինկթընէն եկած Նիքոլէթ Պրէքուէլը կ'ըսէ. «Ես ոչինչ գիտէի մեր պատմութեան մասին, բայց հիմա շատ բան գիտեմ։ Ինծի համար շատ կարեւոր է: Շատ ուրախ եմ, որ մասնակցած եմ այս ծրագրին»:
Երեք շաբաթ տեւող ծրագրի աւարտին, ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի Հայոց պատմութեան դասախօս՝ Անի Տեկիրմէնճեանը եւ Հայոց լեզուի դասախօս՝ Մարիամ Յարութիւնեանը կը հաստատեն, որ մասնակիցները շատ բան սորված եւ իւրացուցած են՝ կարճ ժամանակի ընթացքին. բան մը, որ իսկապէս զարմանք պատճառած է:
Այս ամառ ծրագրին մասնակցելու ընդունուած է 36 հոգի, որոնք բաժնուած էին երկու խումբի: Մասնակիցները եկած էին Ռուսիայէն, Ղազախստանէն, Վրաստանէն, Աւստրիայէն, Պրազիլէն, Մեծ Բրիտանիայէն եւ ԱՄՆ-էն: ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը իր դասընթացքները անվճար տրամադրեց բոլոր ուսանողներուն, որպէսզի յետագային, Հայաստանէն մեկնելէ ետք, դասընթացքներուն հետեւելու առիթն ունենան:
Ծրագրի մասին տեղեկութիւններ ստանալու համար հետեւեցէ՛ք «Շողակաթ» հեռուստաընկերութեան տեղեկատուութեան՝ այստեղ: