Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ) հայկական աւանդութիւնները կեանքի կը կոչէ իր կազմակերպած ընկերային առցանց ձեռնարկներու, առցանց այցելութիւններու, ել. գիրքերու եւ տարբեր հանդիպումներու միջոցով: Հայկական տօները միասին նշելով, ՀՀՀ-ը առիթ կու տայ աշխարհատարած ուսանողներուն, որ մտերմանան եւ զօրացնեն իրենց կապը հայկական ժառանգութեան հետ:
Փետրուարը հայկական տօներով ու աւանդութիւններով հարուստ ամիս մըն է. յոյսի եւ սիրոյ ամիսը: Ծանօթացէ՛ք 2026 թուականի տօներու ամփոփ ներկայացումին։
Ս. Սարգիսի տօն (Յունուար 31)
Այս տարի, Ս. Սարգիսին նուիրուած տօնը տեղի ունեցաւ Յունուար 31-ին: Ս. Սարգիսի տօնը շարժական է եւ կը նշուի 18 Յունուարէն 23 Փետրուարի միջեւ ինկած ժամանակահատուածի այն Շաբաթ օրը, որ տուեալ տարուան Զատկուան տօնէն ճիշդ 63 օր առաջ կու գայ: Ս. Սարգիսը երիտասարդութեան, սիրոյ եւ քաջութեան հովանաւորն է: Ս. Սարգիսը հայ ժողովուրդի ամենէն աւելի սիրած սուրբերէն է, երիտասարդներու արագահոս բարեխօսը:
Ս. Վարդանի տօն (Փետրուար 12)
Ս. Վարդանի կամ Վարդանանց տօնը այս տարի նշուեցաւ Փետրուար 12-ին: Այս տօնը նուիրուած է զօրավար Վարդան Մամիկոնեանին եւ 1036 մարտիրոսներուն, որոնք 451 թուականի Աւարայրի ճակատամարտին նահատակուեցան հայրենիքի եւ հաւատքի պաշտպանութեան համար:
Տեառնընդառաջ (Փետրուար 14)
Տեառնընդառաջը քառասնօրեայ Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման օրն է։ Այս տօնը ամէն տարի կը նշուի Փետրուար 14-ին, Սուրբ Ծնունդէն 40 օր ետք: Նախորդող գիշեր՝ Փետրուար 13-ին, եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ’ունենայ մոմերու օրհնութիւն, ապա եկեղեցւոյ բակին մէջ օրհնուած մոմի կրակով կը վառուի Տեառնընդառաջի խարոյկը ու սկիզբ կ'առնէ աւանդական տօնախմբութիւնը:
Բարեկենդան (Փետրուար 15)
Բարեկենդանը այս տարի նշուեցաւ Փետրուար 15-ին: Բարեկենդանը Մեծ պահքը նախորդող ժողովրդական մեծ տարածում գտած ամենէն ուրախ տօներէն է՝ առատութեան, ուրախութեան, երգի, պարի եւ հաւաքոյթներու տօնը: Բարեկենդանը ունի բարեկեցութեան խորհուրդը:
Ս. Սարգիս, Տեառնընդառաջ եւ Բարեկենդան տօներուն նուիրուած առցանց ձեռնարկին կրնաք հետեւիլ սեղմելով այս յղումը:
Հայկական տօներուն եւ աւանդութիւններուն մասին այլ տեղեկութիւն ստանալու համար կրնաք հետեւիլ ՀԲԸՄ-ի Armenian Holidays & Traditions յաւելուածին: