login
Յօդուածներ
ՀՀՀ-ի Ուղիղ Եթերները՝ Մարտիրոս Սարեանի Տուն Թանգարանէն 03/25/2019

ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը, ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան  նախարարութեան եւ Մարտիրոս Սարեանի տուն թանգարանի հետ համատեղ, կազմակերպեց առցանց այցելութիւններու շարք մը։  Այցելութիւնները ուղիղ եթերով հեռարձակուեցան ՀՀՀ-ի դիմատետրի էջին։  Առցանց այցելութիւններու ընթացքին, արուեստաբան Ռուզան Սարեանը (թանգարանի տնօրէն) եւ արուեստաբան Սոֆիա Սարեանը (թանգարանի գլխաւոր ֆոնտապահ) բացայայտեցին Սարեանի արուեստի գաղտնիքները, ներկայացուցին կտաւներու ստեղծման պատմութիւնները:

 

Այս ձեռնարկները հանդիսացան «Իմ Սարեանը» խորագիրը կրող Համահայկական 9-րդ մանկապատանեկան նկարչական մրցոյթ-փառատօնի բաղկացուցիչ մէկ մասը: ՀՀՀ-ը առաջարկեց կազմակերպել այսպիսի ուղիղ միացումներ՝ հետեւողներու մեծ լսարան ապահովելու եւ մրցոյթի մասնակիցներուն Սարեանի արուեստը աւելի լաւ ներկայացնելու համար։  Նախարարութեան եւ թանգարանի աշխատակիցները ողջունեցին գաղափարը եւ մեծ հետաքրքրութեամբ աջակցեցան  նախաձեռնութեան յաջողութեան։ Առցանց այցելութիւնները արժանացան բազմաթիւ դրական արձագանգներու։

 

«Շատ շնորհակալ ենք ՀԲԸՄ հայկական վիրտուալ համալսարանին եւ Մ.Սարեանի տուն-թանգարանի ղեկավարութեանը համագործակցելու եւ նմանօրինակ միջոցառում կեանքի կոչելու համար»: - Սփիւռքի բաժին ՀՀ կրթգիտնախ.

 

«Անսահաման շնորհակալ եմ եւ երախտապարտ այս հրաշալի գաղափարին համար, որ մեծ թիւով արուեստասէր հասարակութիւնը դպրոցականներէն մինչեւ չափահաս սերունդը սորվելիք ունի Արուեստագէտի կեանքին եւ գործերուն մասին...»: - Զարմինէ Պօղոսեան

 

«Ուրբաթ 22 Մարտ 2019-ին, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի «Մ.Սարեան» ակադեմիայի վարչութիւնը կազմակերպեց իւրայատուկ ձեռնարկ մը։ Տեսանիւթի շնորհիւ Սարեանի աշակերտները առցանց այցելեցին «Մարտիրոս Սարեան»-ի տուն թանգարանը եւ մօտէն ծանօթացան Մեծ Վարպետի արուեստին։ Ձեռնարկի աւարտին ներկաները յայտնեցին իրենց տպաւորութիւնները ընդհանրապէս հայկական նկարչութեան եւ յատկապէս Մարտիրոս Սարեանի ստեղծագործութիւններուն մասին։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք  AVC-ին այս գնահատելի եւ տպաւորիչ աշխատանքին համար»: - «Մ.Սարեան» ակադեմիայի վարչութիւն

 

Մաս 1- «Հեքիաթներ Եւ Երազներ»

https://www.youtube.com/watch?v=whjbVZqiuK0

 

Մաս 2- «Հայաստանը՝ Սարեանի Արուեստին Մէջ»

https://www.youtube.com/watch?v=d2fRgztRKRw

 

Մաս 3- «Արեւելեան Շրջանը»

https://www.youtube.com/watch?v=omAIE9VhcYQ