login
Յօդուածներ
Քարտաշեան քոյրերը ծանօթացան ՀՀՀ-ի ծրագիրներուն 10/10/2019

Հոկտեմբեր 2019-ին,  Քիմ եւ Քորթնի Քարտաշեանները  այցելեցին ՀԲԸՄ Հայաստանի գրասենեակ եւ ծանօթացան միութեան ու ՀՀՀ-ի կրթական ծրագրին եւ ել. գիրքերուն:

 

ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ դոկտ. Երուանդ Զօրեան ներկայացուց ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանի ծրագիրը. «Առցանց կրթութեան միջոցով մենք հասանելի ենք սփիւռքի համայնքներուն եւ աշխարհի տարբեր երկիրներ ապրող մարդոց՝ տրամադրելով հայոց լեզու, պատմութիւն եւ մշակոյթ սորվելու հնարաւորութիւնը»:

 

Հիւրերուն յատկապէս հետաքրքրեց հայերէնի նոր դասընթացքը, որ յագեցած է տեսանիւթերով եւ animation-ներով: ՀՀՀ-էն երկու ուսանող, որոնք ներկայ էին հանդիպման, ցոյց տուին դասընթացքի առաւելութիւնները եւ խօսեցան իրենց փորձառութեան մասին:

 

Դոկտ. Զօրեան ներկայացուց նաեւ ՀՀՀ-ի ել. գիրքերը, որոնք նոյնպէս յագեցած են հարուստ բովանդակութեամբ՝ տեսանիւթերով, ձայնով, նկարներով եւ ներգործօն քարտէսներով:

 

Քիմ եւ Քորթնի Քարտաշեանները բարձր գնահատեցին ՀՀՀ-ի գործունէութիւնը եւ փափաքեցան հայերէն սորվիլ եւ սորվեցնել իրենց ընտանիքի անդամներուն: