login
Յօդուածներ
«ՀՀՀ-Ն Իմ Աչքերով» Լուսանկարներու Եւ Տեսանիւթերու Մրցանքի Յաղթողները Արդէն Յայտնի Են 10/17/2012
«ՀՀՀ-ն Իմ Աչքերով» մրցանքի յաղթողները արդէն յայտնի են: Լաւագոյն 3 լուսանկարները եւ տեսանիւթերը ընտրուած են: Այդ մրցանքին մասնակցած էին աւելի քան 130 հոգի﹐որոնցմէ 83-ը ՀՀՀ-ի ուսանողներ էին, իսկ 24-ը տարբեր երկիներէ մասնակիցներ: Առաջին մրցանակը Գէորգ Արզումանեանը (Հայաստան, Չարենցաւան) շահեցաւ: Ան «ՀՀՀ» վերնագիրով նկար մը ներկայացուցած էր: Այդտեղ պատկերուած էր ծիրանենիի մեծ ճիւղ մը եւ երեք հասուն ծիրաններ, որոնք ՀՀՀ-ն եւ իր շրջանաւարտները կը խորհրդանշեն: Տեսանկարչական մրցանքի առաջին մրցանակը Մատթէոս Սոպրալ Պենթան (Պրազիլ﹐ Ֆորդալիզա) շահեցաւ: Ան «Իմ պատմութիւնը» վերնագիրով տեսանիւթ մը պատրաստած էր: Մատթէոսը հայ աղջկայ մը հետ ունեցած իր սիրոյ պատմութիւնը պատմած է: Այդ աղջիկը իր մէջ սերմանած է Հայաստանի եւ հայկական մշակոյթի հանդէպ մեծ սէր﹐ ինչն ալ իր մէջ հայերէն սորվելու մեծ ցանկութիւն արթնցուցած է : Տեսանիւթին մէջ Մատթէոսը խոստովանած է որ հայերէն սորվելու լաւագոյն միջոցը ՀՀՀ-ն է ﹐ մանաւանդ այն մարդկանց համար որոնք Հայաստանէն դուրս կʼ ապրին: Լուսանկարչական մրցանքի երկրորդ եւ երրորդ մրցանակները Հայաստանի Երեւան քաղաքէն Աննա Ասլիքեանը եւ Վրաստանի Թիֆլիս քաղաքէն Ալեքս Օկանեզովը շահեցան: Աննա Ասլիքեանը «Մեր զօրութիւնը մեր միութեան մէջ է» վերնագիրով նկար մը ներկայացուցած էր: Ան երկու թուղթ նկարած է ﹐ որոնք իրարու հետ թել եւ ասեղով կարուած են: Այդ երկու գրուած թուղթերը Հայաստանն ու հայկական սփիւռքը կը խորհրդանշեն: Իսկ Ալեքս Օկանեզովը «Աւադար ՀՀՀ-ի Համար» վերնագիրով նկար մը ներկայացուցած էր: Ան գեղեցիկ աղջիկ մը նկարած էր﹐ որ նստած՝ ՀՀՀ-ի օնլայն դասընթացքին կը հետեւի: Երեւանցի Գոհար Նաւասարդեանը տեսանկարչական մրցանքի երկրորդ մրցանակը﹐ եւ Դամասկոսէն Անոյշ Գէօրօղլեանը երրորդ մրցանակը շահեցան: Գոհարը իր ՀՀՀ-ի առօրեան նկարագրած էր ﹐ իսկ Անոյշը հայկական դպրոցներու մասին պատմած էր ՝ Մեսրոպ Մաշտոցի հայոց այբուբենը ստեղծած օրէն մինչեւ մեր օրերը﹐ երբ արդէն ՀՀՀ-ի միջոցով օնլայն հայերէն սորվելու կարելիութիւնը ունինք: Մրցանակները հետեւեալներն են` ՀՀՀ-ի մէկ անվճար դասընթացք (գինը`199$), յատուկ ձեռքի աշխատանք մը եւ յաղթողի վկայագիր: Լուսանկարները եւ տեսանիւթերը բաց քուէարկութեամբ եւ ՀՀՀ-ի խորհուրդի կողմէ ընտրուած անձնակազմի անդամները ընտրած են՝ նախապէս սահմանուած 3 չափանիշներու հիման վրայ. համապատասխանութիւն մրցոյթի նիւթին, ստեղծագործական միտք, ընդհանուր տպաւորութիւն: Լաւագոյն լուսանկարները ՀՀՀ-ի 3-րդ տարեդարձին նուիրուած հանդիսութեան ժամանակ ցուցադրուած էին (17﹐ Հոկտեմբեր﹐ 2012): ՀՀՀ-ն կը շնորհաւորէ «ՀՀՀ-ն Իմ Աչքերով» լուսանկարչական ամենամեայ մրցանքին յաղթողներուն եւ կը մաղթէ նորանոր յաղթանակներ: