login
Յօդուածներ
ՀՀՀ-ն Կը Նշէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը 04/24/2016

ՀԲԸՄ-ի ՀՀՀ-ի համար, Ապրիլ ամիսը բոլոր հայերը միաւորելու եւ հայոց ցեղասպանութիւնը յիշատակելու ամիսն է։

Այս առթիւ կազմակերպեց «Ոգեկոչում Եւ Երախտագիտութիւն» խորագիրով ընկերային-մշակութային հանդիպում մը։ Հանդիպումի ընթացքին ներկայացուեցան վերապրողներուն պատմութիւնները, ականատեսներու վկայութիւնները, ինչպէս նաեւ հայերու կեանքը՝ ցեղասպանութենէն առաջ եւ ետք։

Ապրիլ 28 –ին եւ 29-ին, աւելի քան 60 ուսանողներ, ՀՀՀ-ի ուսուցիչներուն հետ, առցանց, այցելեցին Ցեղասպանութեան Թանգարան եւ ծաղիկ զետեղեցին յարգելով յիշատակը զոհերուն։ Ուսանողները ծանօթացան ցեղապանութեան ընթացքին կատարուած մարդասիրական գործունէութիւններուն։ Այս բոլորին զուգահեռ, տեղեկութիւն ստացան Աւրորա մրցանակաբաշխութեան եւ այդ ընթացքին ներկայացուած հերոսական պատմութիւններուն մասին։ Յիշեցնենք, որ Աւրորա մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ Ապրիլ 24-ին, Երեւանի մէջ։

Այս պատմական իրողութեան շուրջ ՀՀՀ-ն համախմբեց հայկական տարբեր գաղութներու դպրոցները եւ կեդրոնները։ Առցանց հանդիպումին մասնակցեցան Շարժայի Օհաննէսեան հայկական դպրոցը, Տիթրոյթի ՀԲԸՄ-ի Ալեք եւ Մարի Մանուկեան դպրոցը, Սան Փաուլոյի Հայ Ազգային Դուրեան վարժարանը եւ Տալլասի Ս. Սարգիս դպրոցը։