login
Յօդուածներ
2016 Թուականի Աշնանային Ուսումնական Շրջանը Համալրուեցաւ Ընկերային-Մշակութային Նոր Ձեռնարկով 11/20/2016
2016 թուականի աշնանային ուսումնական շրջանին, ՀՀՀ-ը կազմակերպեց ընկերային-մշակութային նոր ձեռնարկ. այցելութիւն եւ վարպետաց դասընթացք ՀՀՀ-ի հետ: ՀՀՀ-ը կազմակերպեց այցելութիւն դէպի «Մաչանենց» կեդրոն, որ հիւրատուն եւ ազգագրական թանգարան է՝ Էջմիածինի մէջ: Այստեղ, այցելուները կրնան տեսնել հայկական արուեստի նմոյշներ, ինչպէս նաեւ, հետեւիլ եւ մասնակցիլ կաւագործութեան, գորգագործութեան, նկարչութեան եւ խոհարարութեան վարպետաց դասընթացքներուն։ Այս ձեռնարկին շնորհիւ, ՀՀՀ-ի ուսանողները, հեռավար ուսուցիչներու հետ, առցանց, անմոռանալի փորձառութիւն մը ապրեցան: Անոնք հետեւեցան հեռավար ուսուցիչներուն մասնակցած կաւագործութեան վարպետաց դասընթացքին, ծանօթացան ազգային տարազներու երփներանգ եւ բազմազան տարրերուն, ինչպէս նաեւ՝ հայկական իւրայատուկ զարդերուն: Հայկական խոհանոցը, հայկական մշակոյթի անբաժան մէկ մասն է: Այդ իսկ պատճառով նպատակայարմար գտնուեցաւ նաեւ, բացայայտել հայկական խոհանոցը՝ այցելութեան ժամանակ: Ուսանողները մեծ հաճոյքով հետեւեցան շաքար չորակիի (գաթայի) պատրաստութեան վարպետաց դասընթացքին: ՀՀՀ-ի հեռավար ուսուցիչները այս աւանդական խմորեղէնի բաղադրատոմսը տրամադրեցին ուսանողներուն եւ ցոյց տուին պատրաստման եղանակը: Այս այցելութեան եւ վարպետաց դասընթացքի միջոցով, ՀՀՀ-ի ուսանողները իրարու հետ հաղորդակցելու եւ հայկական արուեստի ու աւանդոյթներու մասին բազմաթիւ տեղեկութիւններ ստանալու առիթը ունեցան: ՀՀՀ-ի այս իւրօրինակ ձեռնարկին կրնաք ծանօթանալ սեղմելով հետեւեալ յղումը՝ https://www.youtube.com/watch?v=tIaOgdFh_1g