login
Յօդուածներ
ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանի (ՀՀՀ) « Բացայայտենք Երեւանը» Ել. Գիրքը Ներկայացուեցաւ Զբօսաշրջութեան Ոլորտի Ներկայացուցիչներուն՝ Երեւանի Քաղաքապետարանի Շէնքէն Ներս 06/23/2016
Յունիս 2-ին, ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ), Երեւանի քաղաքապետարանին հետ համատեղ, կազմակերպեց « Բացայայտենք Երեւանը. Քաղաքի Անցեալը Եւ Ներկան» ել. գիրքի շնորհահանդէսը՝ Երեւանի քաղաքապետարանի շէնքէն ներս։ Շնորհահանդէսին ներկայ էին զբօսաշրջութեան ոլորտի մէջ աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալող շուրջ 50 ընկերութիւններ եւ կազմակերպութիւններ, ինչպէս՝ Հայաստանի Ազգային Մրցունակութեան Հիմնադրամը, Զբօսաշրջութեան Գործարարներու Միութիւնը, ՀՀ Զբօսավարներու Միութիւնը, Հայաստանի Թուրիզմի Ինստիտուտը, ինչպէս նաեւ պանդոկներու եւ զբօսաշրջութեան ոլորտի այլ ներկայացուցիչներ։ Քաղաքապետարանի հետ համագործակցաբար մշակուած այս գիրքը, ՀՀՀ-ի երկրորդ ել. ներգործօն գիրքն է, որ կը ներկայացնէ պատմական, հասարակական եւ ժողովրդագրական տեղեկութիւններ, անոնց, որոնք կը փափաքին Երեւան այցելել եւ կամ պարզապէս տեղեկութիւն ստանալ Երեւանի մասին։ Յատկապէս ուշադրութեան արժանի են գիրքին մէջ տեղադրուած տեղեկութիւնները միօրեայ կամ վեցօրեայ շրջագայութիւններու եւ արշաւներու մասին, որոնք կ՚օգնեն ճիշդ եւ արագ կազմակերպելու պտոյտը՝ Երեւանի եւ շրջակայքի մէջ։ Ներկայացնելով այն տեղեկութիւնները, որոնք կը հետաքրքրեն բոլոր ներկաները, ՀՀՀ-ի Հիմնադիր եւ Նախագահ Դոկտ. Երուանդ Զօրեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Երեւանի քաղաքապետարանին, յանձինս՝ քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի եւ քաղաքապետի օգնական՝ Մարիա Բարաղամեանի։ Ան նշեց. « Կոգեւորէ այն իրականութիւնը, որ Երեւանի քաղաքապետարանը միշտ մեր նախաձեռնութիւններուն կողքին է։ Այս ել. գիրքը կարեւոր է ոչ միայն զբօսաշրջիկներուն, այլ նաեւ զբօսաշրջութեան ոլորտի զարգացման եւ քաղաքի առցանց ներկայացման համար»։ Ներկաները տեղեկութիւն ստացան գիրքի բազմազան ծրագիրներուն՝ ընկերային-մշակութային ձեռնարկներուն, տեսանիւթերուն, ներգործօն քարտէզներուն, առցանց շրջագայութիւններուն, պատկերասրահներուն, համայնապատկերներուն, եռաչափ նկարներուն եւ գիրքի աուտիօ (audio) հնարաւորութեան մասին։ Դոկտ. Զօրեան նշեց, որ գիրքը հասանելի է ընդարձակ լսարանին ոչ միայն իր բազմալեզու ըլլալուն (արեւելահայերէն, արեւմտահայերէն, անգլերէն, ռուսերէն, ֆրանսերէն, սպաներէն, թրքերէն ), այլ նաեւ բազմապիսի համակարգիչներու եւ համակարգերու միջոցով տրամադրելի ըլլալուն շնորհիւ ( iOS եւ Android smart phones, tablets)։ Տիկ. Բարաղամեան նշեց, որ այս գիրքը քաղաքապետարանի եւ ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանի արդիւնաւէտ համագործակցութեան արդիւնքն է. «Երեւանի պատմութեան թանգարանը, քաղաքապետարանի զբօսաշրջութեան բաժինը եւ Երեւանի ճարտարագիտութեան կեդրոնի մասնագէտները համախմբեցին իրենց ուժերը եւ օգնեցին ՀՀՀ-ին՝ պատրաստելու համար այս գիրքը։ Այսօր, 2797 –ամեայ մեր քաղաքը, կրնանք նորարարական ձեւով աշխարհին ներկայացնել, որպէս զբօսաշրջային գրաւիչ վայր»։ «Բացայայտենք Երեւանը» գիրքը կարելի է անվճար ներբեռնել համակարգիչներու եւ տարբեր համակարգերու միջոցով՝ Apple iBooks Store-էն, Joomag –ի կայք էջէն, ՀՀՀ-ի կայքէջէն (www.avc-agbu.org) , ՀԲԸՄ-ի online bookstore-էն (www.agbubookstore.org), ինչպէս նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանի պաշտօնական կայքի զբօսաշրջութեան բաժինէն (www.yerevan.am)։ «Բացայայտենք Երեւանը» ել. գիրքի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար սեղմեցէք հետեւեալ յղումը. https://www.avc-agbu.org/en/virtual_experience/eBook_trailer/2.html.