login
Յօդուածներ
Հայերու Միացումը ՀՀՀ-ի Լեզուի Ել. Ակումբի Ծիրէն Ներս 04/10/2017

ՀՀՀ-ի Շրջանաւարտներու Գրասենեակը կը շարունակէ շրջանաւարտներուն հետ հաղորդակցելու եւ կապերը պահպանելու հնարաւորութիւն տալ շրջանաւարտներուն՝ ել. ակոմբի ծիրէն ներս:

Որպէս լեզու դասաւանդող հաստատութիւն, ՀՀՀ-ը կը դիմէ բազմազան միջոցներու. այս միջոցներէն է ՀՀՀ-ի լեզուի ել. Ակումբը։ Միջին եւ բարձր մակարդակի հայերէնի իմացութեամբ մօտաւորապէս 50 շրջանաւարտ, ամիսը երկու անգամ, առցանց, իրարու կը հանդիպին եւ կը խօսին տարբեր նիւթերու մասին: Այս հանդիպումներու ընթացքին, ամենակարեւորը, շրջանաւարտները ոչ միայն կը կատարելագործեն իրենց հայերէնը, այլեւ կը զգան, որ իրենք հայ հասարակութեան մէկ մասնիկն են:

Լեզուի ել. ակումբի շնորհիւ, ՀՀՀ-ը կը շարունակէ նպաստել հայերէնի եւ մշակութային արժէքներու պահպանմանը, տրամադրելով այնպիսի միջավայր մը, ուր շրջանաւարտները կրնան զարգացնել իրենց լեզուական գիտելիքները