login
Յօդուածներ
ՀԲԸՄ-ի Վահէ Կարապետեան Կեդրոնի Ներկայացուցիչները Ծանօթացան ՀՀՀ-ին 10/24/2016
24 Հոկտեմբեր, 2016-ին, ՀՀՀ-ի ծրագիրի առաւելութիւններուն ծանօթացան ՀԲԸՄ-ի Վահէ Կարապետեան Կեդրոնի ներկայացուցիչները, ուսանողները եւ այն գիտաշխատողները՝ Հայաստանէն ու արտասահմանէն, որոնք կը հետեւին Հայաստանի տարբեր համալսարաններուն եւ կը մասնակցին տարբեր նախաձեռնութիւններուն: ՀՀՀ-ի կրթական ծրագիրը համակարգող Մարինա Խաչատուրեան խօսեցաւ ՀՀՀ-ի ծրագիրի մասին եւ ներկայացուց առցանց կրթութեան առաւելութիւնները։ Ելոյթը արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան: Ներկաները մեծ ոգեւորութեամբ հետեւեցան ծրագիրի ընձեռած հնարաւորութիւններուն եւ յատկապէս հետաքրքրուեցան ել. գիրքերու շարքով: Հանդիպման աւարտին, ՀՀՀ-ը իւրաքանչիւր ուսանողի տրամադրեց անվճար մէկ դասընթացք: Բոլորը գոհ էին եւ ուրախ: Հանդիպումը համագործակցութեան նոր հիմք հաստատեց կեդրոնի ներկայացուցիչներու հետ: Անոնք խոստացան նպաստել ՀՀՀ-ի գործունէութեան ծաւալման։