login
Յօդուածներ
ՀՀՀ-ի Եւ Պուէնոս Այրէսի ՀԲԸՄ-ի Մարի Մանուկեան Վարժարանի Համագործակցութեան 6 Ամեակի Տօնակատարութիւնը 06/20/2016
ՀՀՀ-ի հիմնադրութենէն գրեթէ մէկ տարի ետք, 2010 –ի աշնան, Պուէնոս Այրէսի ՀԲԸՄ-ի Մարի Մանուկեան վարժարանը, արդէն հետաքրքրուած էր ՀՀՀ-ի կրթական իւրօրինակ ծրագիրով: Դպրոցին ուսուցիչները փորձառական շրջանին մասնակցելէ ետք, ՀՀՀ-ի հայոց լեզուի ծրագիրը կիրառուեցաւ դպրոցէն ներս: Այդ շրջանէն ի վեր, ՀՀՀ-ի հիպրիթ կրթական ծրագիրը վարժարանի ուսումնական ծրագիրի անբաժան մէկ մասն է: Առաջին երկու դասարաններուն մասնակցած են 29 աշակերտներ: Այժմ, իւրաքանչիւր ուսումնական շրջանի մաս կը կազմէ 120 աշակերտ: Այս ջերմ համագործակցութիւնը հաստատած է նախկին տնօրէն՝ Ռոզիթա Եուսէֆեան: Յետագային, բարի աւանդութիւնները շարունակուեցան ներկայ տնօրէն՝ Լիլիան Քրաբրիտեանի եւ ուսուցիչներ՝ Էլենա Աշճեանի, Էլիզապէթ Քապատայեանի, Ալիսա Խաչատրեանի, Մարիամ Սուքիասեանի, Կլատիս Մարգարեանի, Տիան Տէր Կարապետեանի եւ Լիանա Աթիքեանի շնորհիւ: ՀՀՀ-ի հիպրիթ կրթական ծրագիրը հնարաւորութիւն տուաւ ժամանակակից ծրագիրներու միջոցով սորվելու հայոց լեզուն, լսարանի ուսուցիչին օգնութեամբ, որ կ՛առաջնորդէ աշակերտները ամբողջ ծրագիրի ընթացքին: ՀԲԸՄ-ի Մարի Մանուկեան վարժարանի աշակերտ Նիկոլ Թեզգան կ՛ըսէ.« ՀՀՀ-ը լաւագոյն միջոցն է ներկայ սերունդին համար, որովհետեւ ուսուցումն ու նորագոյն ճարտարագիտութիւնը միահիւսուած են իր մէջ»: Ծրագիրը նաեւ կ՛օգնէ, որ աշակերտները մօտենան իրենց հայրենիքին: Ուրիշ աշակերտ մը, Տելֆինա Քարուք կ՛ըսէ. «Այս միջոցով սորվիլը շատ հետաքրքրական է, որովհետեւ, Հայաստանի հետ կապի մէջ կը մնաս»: Ինչպէս միշտ, հիպրիթ ծրագիրը չի սահմանափակուիր առցանց դասընթացներով, այլ կը հարստացնէ ծրագիրը ընկերային-մշակութային ձեռնարկներով: Վերջին վեց տարիներու ընթացքին, ՀՀՀ-ի ուսուցիչները բազմաթիւ հանդիպումներ կազմակերպած են ՀԲԸՄ-ի Մարի Մանուկեան վարժարանի համար: Աշակերտները առիթը ունեցած են, առցանց, այցելել Երեւան, Էրեբունի պատմահնագիտական թանգարան, Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոն, քասքատ եւ օփերայի ու պալէի ազգային ակադեմական թատրոն, ինչպէս նաեւ ծանօթացած են Հայաստանի մէջ նշուող ազգային տօնակատարութիւններուն եւ ծէսերուն: Առաւել, առցանց հանդիպումներու ընթացքին, հնարաւորութիւն ունեցած են հանդիպելու սփիւռքի հայկական տարբեր վարժարաններու աշակերտներուն հետ: Դասընթացներու, ձեռնարկներու եւ այլ դպրոցներու հետ հանդիպումներու շնորհիւ, աշակերտները հանդիսացան ՀՀՀ-ի եւ հայ ընկերութեան անբաժան մէկ մասնիկը: