card
login
Արեւելահայերէնի սկսնակ մակարդակ
Դասավանդման լեզուներ Անգլերեն, Ֆրանսերեն, Ռուսերեն, Իսպաներեն, Թուրքերեն, Արևմտահայերեն, Portuguese
info Ուսանողի մասնակցության տեսակը

Արեւելահայերէնի դասընթացքը հնարաւորութիւն կու տայ ուսանողին բոլոր տառերը ճանչնալու եւ գրելու, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր տառ իր ճիշտ հնչելաձեւին հետ կապելու: Միեւնոյն ատեն ան կարելիութիւն կ’ունենայ գրել եւ կարդալ սորվիլ:
Ուսանողը իր սահմանափակ բառապաշարով կը կազմէ նախադասոթիւններ, կը կարդայ տարբեր երկխօսութիւներ եւ բնագիրներ: Իւրաքանչիւր դասի ավարտին ուսանողը կը կատարէ ուսուցողական վարժութիւններ:

Ուսումնական շրջանի օրացույց

ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆ

ԳՐԱՆՑՄԱՆ ՓՈՒԼ

ԴԱՍԸՆԹԱՑՆԵՐ

Ձմեռ 2024

դեկտեմբեր 8 (ուրբաթ) – դեկտեմբեր 23 (կիրակի), 2023թ.

հունվար 8 (երկուշաբթի) – մարտ 12 (երեքշաբթի)

Գարուն 2024

մարտ 8 (ուրբաթ) – մարտ 23 (կիրակի)

ապրիլ 1 (երկուշաբթի) – հունիս 4 (երեքշաբթի)

Ամառ 2024

հունիս 7 (ուրբաթ) – հունիս 22 (կիրակի)

հուլիս 1 (երկուշաբթի) – սեպտեմբեր 3 (երեքշաբթի)

Աշուն 2024

սեպտեմբեր 6 (ուրբաթ) – սեպտեմբեր 21 (կիրակի)

հոկտեմբեր 7 (երկուշաբթի) – դեկտեմբեր 10 (երեքշաբթի)

Ակնկալուող մասնակցութեան սանդղակ (ժամեր/շաբաթ)

  • Նիւթեր (ձայնա- տեսա- եւ թեքսթային)-1 - 2 ժամ
  • Քննարկումներ-2-3 ժամ
  • Առաջադրանքներ - 2-3 ժամ
  • Ակնկալուող շաբաթական զբաղուածութիւն - 5-8 ժամ

Մասնակիցները պէտք է`

  • Կապի մէջ ըլլան իրարու հետ ֆորումներու, քննարկումներու եւ ձայնա-տեսահաղորդակցութեան միջոցով:
  • Ընթերցեն եւ օն-լայն քննարկեն բնագիրները եւ դասանիւթերը:
  • Աշխատին պզտիկ խումբերով եւ անհատապէս` գործածելով օն-լայն միջոցներու ամբողջ համակարգ մը:

Դասընթացքի բովանդակութիւնը

  • Հնչիւն-տառ-բառ, բնագրային բառեր, բառակապակցութիւններ, արտայայտութիւններ, ձայնաւոր եւ բաղաձայն տառեր, նախադասութիւններ, դերանուններ, էական բայ/ներկայ ժամանկ, երկխօսութիւն, բառապաշար:
  • Հնչիւն-տառ-բառ, բնագրային բառեր, բառակապակցութիւններ, արտայայտութիւններ, ձայնաւոր եւ բաղաձայն տառեր, նախադասութիւններ, գոյականի թիւ, բայի ներկայ ժամանկ, երկխօսութիւն, բառապաշար:
  • Հնչիւն-տառ-բառ, բնագրային բառեր, բառակապակցութիւններ, արտայայտութիւններ, նախադասութիւններ, ուղղախօսութիւն, երկխօսութիւն, բառապաշար:
  • Հնչիւն-տառ-բառ, բնագրային բառեր, բառակապակցութիւններ, արտայայտութիւններ, նախադասութիւններ, ստացական դերանուն, յօդ, երկխօսութիւն, բառապաշար:
  • Հնչիւն-տառ-բառ, բնագրային բառեր, բառակապակցութիւններ, արտայայտութիւններ, նախադասութիւններ, բայի անցեալ կատարեալ ժամանակ, թուականի ուսուցում, երկխօսութիւն, բառապաշար:
  • Հնչիւն-տառ-բառ, բնագրային բառեր, բառակապակցութիւններ, արտայայտութիւններ, նախադասութիւններ, ցուցական դերանուն, երկխօսութիւն, բառապաշար:
  • Հնչիւն-տառ-բառ, բնագրային բառեր, բառակապակցութիւններ, արտայայտութիւններ, նախադասութիւններ, ածական, երկխօսութիւն, բառապաշար:
  • Հնչիւն-տառ-բառ, բնագրային բառեր, բառակապակցութիւններ, արտայայտութիւններ, նախադասութիւններ, ուղղախօսութիւն, բայի ապառնի ժամանակ, երկխօսութիւն, բառապաշար:

Ուսուցման արդիւնքները

Դասընթացքը աւարտելէ ետք ուսանողները կը սորվին հայոց այբուբենի բոլոր տառերն ու հնչիւնները, կը հասկնան ու կը գործածեն առօրեայ պարզ արտայայտութիւնները: Առաւել առօրեայի մասին խօսելու, իրենք իրենց եւ ուրիշները ներկայացնելու կարելիութիւնը կ'ունենան:զմեն պարզ եւ կարճ տարբեր նախադասութիւններ:

 

 

Դասընթացքի դասացուցակը

Եթէ ընտրէք մասնակցութեան կանոնաւոր ընթացքը (regular program), ամէն շաբաթ մէկ դաս կը տրամադրուի: Ուս. շրջանը կը տեւէ ինը շաբաթ, ներառեալ ծանօթացման շաբաթը: Իսկ եթէ ընտրէք մասնակցութեան երկարատեւ ընթացքը (slow-mode program), երկու շաբաթը մէկ նոր դաս մը կը տրամադրուի. այս պարագային ուս. շրջանը կը տեւէ տասնվեց շաբաթ, ներառեալ ծանօթացման շաբաթը: 

Շաբաթ 0

Ծանօթացման շաբաթ

 Ուսանողները կը ծանօթանան կրթական հարթակին, պահանջքներուն, կ'ամբողջացնեն անհատական թերթիկը (profile), զիրար կը ծանօթանան, կը մասնակցին ֆորում- քննարկումին եւ խմբային առցանց հանդիպումին, ինչպէս նաեւ կը նշեն ժամային գօտիները:

 

Շաբաթ 1-8

Դաս 1-8
Հարցումներ եւ առաջադրանքներ

Շաբաթ 1-16

Դաս 1-16
Առաջադրանքներ եւ վարժութիւններ - երկարատեւ ընթացք

 

Շաբաթ 4

Միջանկեալ քննութիւն

Շաբաթ 8

Միջանկեալ քննութիւն – երկարատեւ ընթացք

 

Շաբաթ 8

Աւարտական քննութիւն

Շաբաթ 16

Աւարտական քննութիւն – երկարատեւ ընթացք

Դասընթացքի պահանջները եւ գնահատման կարգը

Ուսանողները պէտք է աշխոյժօրէն մասնակցին օն-լայն քննարկումներուն, ֆօրըմներուն, չաթերուն, անհատական եւ խմբային աշխատանքնորուն, ինչպէս նաեւ որոշուած ժամանակացոյցերուն յանձնեն առաջադրանքները: Ուսանողը պէտք է ծանօթանայ եւ ենթարկուի ՀՀՀ-ի Ակադեմիական Քաղաքականութեան
հետ:
Ուսանողներու յառաջադիմութիւնը կը գնահատուի ամբողջ ուսումնական շրջանի ընթացքին հաւաքած գնահատականներուն հիման վրայ, որ կը գոյանայ հետեւեալ սկզբունքներով.
20% -մասնակցութիւն
20% -առաջադրանքներ
30% -միջանկեալ քննութիւն
30% -աւարտական քննութիւն
Ուսանողին աշխատանքը պիտի գնահատուի տառերու ձեւով համաձայն ՀՀՀ-ի Գնահատման Քաղաքականութիւնը:

 

Օնլայն ուսուցիչներ

teacher
Զեփիւռ Խպլիկեան

Դասաւանդման մեթոդաբանութիւնը

Ելեկտրոնային նիւթերը պատրաստուած են օգտագործման համար դիւրին եւ լսարանի համար մատչելի սկզբունքով: Աշխատանքներն ու քննարկումները, զորս պիտի վարեն օն-լայն ուսուցիչները, կը նախատեսեն ներգրաւել ուսանողները պատմական իրադարձութիւններն ուսումնասիրելու եւ մանրամասն վերլուծութիւն կատարելու: Անհատական եւ խմբային առաջադրանքներու օգնութեամբ ուսանողները պիտի կատարեն ճշգրիտ ուսումնասիրութիւններ` փոխանակելով տեղեկատուութիւնը դասընկերներու հետ: Այն ուսանողները, որոնք սեփական ներդրում կ’ունենան իրենց ուսման մէջ, աւելի նպաստաւոր վիճակի մէջ պիտի ըլլան:

Դասընթացքի նիւթերը

Օն-լայն դասանիւթերը տպագրելու անհրաժեշտութիւն չկայ: Անոնք դասերու մաս կը կազմեն: Ուսանողները պէտք է կարդան, լսեն, դիտեն ամբողջ նիւթը եւ կատարեն իրենց պարտականութիւնները: Օն-լայն դասանիւթերը կազմուած են ընդհանրապէս հասանելի մասնագիտական լեզուաբանական գրականութեան, գիտական ուսումնական ծրագիրներու, մասնագիտական ամսագրերու մէջ վերջերս տպագրուած հրապարակութիւններու, ինչպէս նաեւ դպրոցական ուսումնական ծրագիրներու հիման վրայ:

Դասընթացքի գրականութեան ցանկը

  • Ս. Ս. Մինասեան, Վ. Ն. Յարութիւնեան, Ն. Ս. Այվազեան, Լ. Վ. Պետրոսեան, Երեւանի պետական համալսարան, Արտասահմանեան քաղաքացիներու նախապատրաստական ֆաքուլթեթ, «Առաւել գործածական եզրերու բառարան (հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն)», (Երեւան, 2000)
  • Ս. Գալստեան, «Ուսումնական ձեռնարկ. Արտասահմանեան քաղաքացիներու նախապատրաստական ֆաքուլթեթներու համար», (Երեւան, 1968)
  • Ս. Գալստեան եւ Գրիգոր Գարեգինեան «Հայերէն զրուցարան», (Երեւան, 1990)