Առաջարկներ

Ընդունելութիւն

ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆ |
ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ |
ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ |
Ձմեռ 2023 |
Դեկտեմբեր 2 (Ուրբաթ) - Դեկտեմբեր 18 (Կիրակի) 20212 |
Յունուար 9 (Երկուշաբթի) - Մարտ 14 (Երեքշաբթի) |
Գարուն 2023 |
Մարտ 10 (Ուրբաթ) – Մարտ 26 (Կիրակի) |
Ապրիլ 10 (Երկուշաբթի) – Յունիս 13 (Երեքշաբթի) |
Ամառ 2023 |
Յունիս 9 (Ուրբաթ) – Յունիս 25 (Կիրակի) |
Յուլիս 10 (Երկուշաբթի) – Սեպտեմբեր 12 (Երեքշաբթի) |
Աշուն 2023 |
Սեպտեմբեր 8 (Ուրբաթ) - Սեպտեմբեր 24 (Կիրակի) |
Հոկտեմբեր 10 (Երկուշաբթի) – Դեկտեմբեր 12 (Երեքշաբթի) |
Արեւելահայերէնի սկսնակներ դասընթացքը աւարտելէ ետք, ուսանողները սորված կ’ ըլլան Հայոց լեզուի տառերը, բազմաթիւ բառեր, հնարաւորութիւն ունենալով այդ բառերը կարդալու, գրելու եւ արտասանելու: Նաեւ դասի ընթացքին ուսանողները կը կազմեն պարզ եւ կարճ տարբեր նախադասութիւններ:
Եթէ ընտրէք մասնակցութեան կանոնաւոր ընթացքը(regular program),այդ պարագային ուս.շրջանը կը տեւէ ինը շաբաթ դաս շաբաթ ներառեալ ծանօթացման շաբաթը: Եթէ ընտրէք մասնակցութեան երկարատեւ ընթացքը(slow-mode program),այդ պարագային ուս. շրջանը կը տեւէ տասնվեց շաբաթ(1 դաս/2 շաբաթ)ներառեալ ծանօթացման շաբաթը:
Ծանօթացման շաբաթ Ուսանողը կը ծանօթանայ կրթական առցանց տիրոյթի, ուսանողի ուղեցոյցի հետ, կ՚ամբողջացնէ իր նկարագիրը (profile), կը մասնակցի ֆորում-քննարկումին։ Այս ընթացքին ուսանողը կը ծանօթանայ նաեւ թեքնիք պահանջքներուն, հաղորդակցական եւ կրթական միջոցներուն, կ՚ընտրէ ժամային գօտին՝ ուսման ընթացքին հեռավար ուսուցիչի հետ կապ պահելու համար։
Դաս 1-8
Հարցումներ եւ առաջադրանքներ
Միջանկեալ քննութիւն
Աւարտական քննութիւն
Ուսանողները պէտք է աշխոյժօրէն մասնակցին օն-լայն քննարկումներուն, ֆօրըմներուն, չաթերուն, անհատական եւ խմբային աշխատանքնորուն, ինչպէս նաեւ որոշուած ժամանակացոյցերուն յանձնեն առաջադրանքները: Ուսանողը պէտք է ծանօթանայ եւ ենթարկուի ՀՀՀ-ի Ակադեմիական Քաղաքականութեան
հետ:
Ուսանողներու յառաջադիմութիւնը կը գնահատուի ամբողջ ուսումնական շրջանի ընթացքին հաւաքած գնահատականներուն հիման վրայ, որ կը գոյանայ հետեւեալ սկզբունքներով.
20% -մասնակցութիւն
20% -առաջադրանքներ
30% -միջանկեալ քննութիւն
30% -աւարտական քննութիւն
Ուսանողին աշխատանքը պիտի գնահատուի տառերու ձեւով համաձայն ՀՀՀ-ի Գնահատման Քաղաքականութիւնը:
Ելեկտրոնային նիւթերը պատրաստուած են օգտագործման համար դիւրին եւ լսարանի համար մատչելի սկզբունքով: Աշխատանքներն ու քննարկումները, զորս պիտի վարեն օն-լայն ուսուցիչները, կը նախատեսեն ներգրաւել ուսանողները պատմական իրադարձութիւններն ուսումնասիրելու եւ մանրամասն վերլուծութիւն կատարելու: Անհատական եւ խմբային առաջադրանքներու օգնութեամբ ուսանողները պիտի կատարեն ճշգրիտ ուսումնասիրութիւններ` փոխանակելով տեղեկատուութիւնը դասընկերներու հետ: Այն ուսանողները, որոնք սեփական ներդրում կ’ունենան իրենց ուսման մէջ, աւելի նպաստաւոր վիճակի մէջ պիտի ըլլան:
Օն-լայն դասանիւթերը տպագրելու անհրաժեշտութիւն չկայ: Անոնք դասերու մաս կը կազմեն: Ուսանողները պէտք է կարդան, լսեն, դիտեն ամբողջ նիւթը եւ կատարեն իրենց պարտականութիւնները: Օն-լայն դասանիւթերը կազմուած են ընդհանրապէս հասանելի մասնագիտական լեզուաբանական գրականութեան, գիտական ուսումնական ծրագիրներու, մասնագիտական ամսագրերու մէջ վերջերս տպագրուած հրապարակութիւններու, ինչպէս նաեւ դպրոցական ուսումնական ծրագիրներու հիման վրայ: