login
Յօդուածներ
ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը կը նշէ Մայրենի լեզուի միջազգային օրը 02/24/2024

Մայրենի լեզուի միջազգային օրուան  առթիւ ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը հայոց լեզուի նուիրուած յատուկ ծրագիրներ կազմակերպեց, որոնք, մէկ շաբաթ տեւողութեամբ, տարածեց ընկերային ցանցի հարթակներուն վրայ: 


Փետրուար 19-ին, ԱՄՆ-էն, Անգլիայէն, Արժանթինէն, Ռուսաստանէն եւ Թուրքիայէն միացած ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի բարձր մակարդակի ուսանողները կարդացին հայ մեծ գրող Յովհաննէս Թումանեանի «Թմկաբերդի առումը» վիպերգի նախերգանքը: Այս ծրագիրը նուիրուած էր Թումանեանի ծննդեան 155-ամեակին։ Յիշեցնենք, որ Հայաստանի մէջ Փետրուար 19-ը  կը նշուի որպէս Գիրք նուիրելու օր։

Տեսանիւթին հետեւելու համար սեղմեցէ՛ք այստեղ։

 

Փետրուար 21-ին՝ Մայրենի լեզուի միջազգային օրուան առթիւ, ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը պատրաստեց մէկ այլ տեսահոլովակ, այս անգամ սկսնակ եւ միջին մակարդակի ուսանողներու մասնակցութեամբ: Անոնք ներկայացուցին հայերէն սորվելու իրենց շարժառիթն ու ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի  հեռավար ուսուցիչներու հետ միասին յաղթահարած դժուարութիւնները։

Տեսանիւթին հետեւելու համար սեղմեցէ՛ք այստեղ։

 

Ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը կրցաւ համախմբել աշխարհի բոլոր անկիւններէն տարբեր մարդոց՝  հայկական կրթութեան եւ Հայաստանի հարուստ ժառանգութեան շուրջ: Մէկ շաբաթ տեւողութեամբ ներկայացուած բոլոր ծրագիրներուն կրնաք ծանօթանալ հետեւելով ՀԲԸՄ ՀՀՀ ընկերային ցանցի էջերուն: Հաւատարիմ մնալով ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի առաքելութեան, այսպիսի ծրագիրներ կը միտին պահպանել, ամրապնդել եւ խթանել հետաքրքրութիւնը հայոց լեզուի, մշակոյթի եւ պատմութեան նկատմամբ: