login
Յօդուածներ
Առցանց Այցելութիւն «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Թանգարանէն 06/25/2019

25 Յունիս 2019-ին, ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը, Փորթուկալ-Հայաստան բարեկամութեան միութիւնը եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամը ներկայացուցին տեսանիւթ մը։ Տեսանիւթին հետեւողները կարելիութիւն ունեցան առցանց այցելելու յատուկ ցուցահանդէս մը, որ նուիրուած է մեծ բարերար, գործարար, բարեգործական մեծ հաստատութեան հիմնադիր եւ ՀԲԸՄ-ի երկրորդ նախագահ՝ Գալուստ Կիւլպէնկեանի կեանքին ու գործունէութեան։ Գ. Կիւլպէնկեանի ծննդեան 150 ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսը բացուած է Լիզպոն, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հաստատութենէն ներս։

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հաստատութեան Հայկական Բաժնի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեանը, Փորթուկալ-Հայաստան բարեկամութեան միութեան անդամ եւ Լիզպոնի համալսարանի դասախօս, ՀՀՀ–ի հիպրիթ ծրագիրի ուսուցիչ Լիա Խաչիկեանը վարեցին առցանց այցելութիւնը:

Այս համատեղ նախաձեռնութիւնը իրագործուեցաւ Փորթուկալ -Հայաստան բարեկամութեան միութեան նախագահ Վահէ Մխիթարեանի եւ իր աշխատակազմի անդամներու աջակցութեան շնորհիւ։