login
Յօդուածներ
Նոր համագործակցութիւն Հ․ Աճառեանի անուան լեզուի ինստիտուտի հետ 02/28/2023

ՀԲԸՄ ՀՀՀ -ի գրասենեակէն ներս, արդիւնաւէտ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի  (ՀՀ ԳԱԱ) Հ. Աճառեանի անուան լեզուի ինստիտուտի Արեւմտահայերէնի բաժինի անձնակազմին հետ: Երկու կազմակերպութիւնները ներկայացուցին իրենց գործունէութիւնը եւ քննարկուեցան համագործակցութեան հնարաւորութիւնները:  

 

Յետադարձ այցելութեան ընթացքին, ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի ներկայացուցիչները հանդիպեցան ինստիտուտի տնօրէն դոկտ. Վ. Կատուալեանի հետ եւ մանրամասնօրէն ծանօթացան արդէն ճիշդ 10 տարի առաջ հաստատուած Արեւմտահայերէնի բաժինի ծաւալած աշխատանքին: 

 

Հանդիպումը շինիչ էր եւ արդիւնաւէտ: Արծարծուեցան համագործակցութեան հնարաւորութիւնները, ինչպէս՝ արեւմտահայերէնի պահպանման եւ զարգացման ուղղուած  համատեղ աշխատանիստերու, համաժողովներու,  հետազօտութիւններու եւ հայոց լեզուի պատմութեան եւ կիրառման առնչուղ հրապարակումներու հնարաւորութիւնը: 

 

Զոյգ հաստատութիւններու նպատակն է հայոց լեզուի եւ մշակոյթի պահպանումն ու տարածումը: