Առաջարկներ

Ընդունելութիւն

ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ) Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած առցանց տարբեր ձեռնարկներ կը կազմակերպէ՝ ճշգրիտ տեղեկութիւններ տարածելու միտումով:
ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային համալսարանի (ՀՀՀ) կազմակերպած ձեռնարկներն են. Ցեղասպանութեան թանգարան ինստիտուտի առցանց այցելութիւններ, հանդիպումներ եւ գիտաժողովներ՝ պատմաբաններու, մասնագէտներու եւ ցեղասպանութենէն վերապրածներու ժառանգներու մասնակցութեամբ:
Կարեւոր նախաձեռնութիւններէն են Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի առցանց այցելութիւնը, Ցեղասպանութենէն վերապրածներու պատմութիւններուն նուիրուած Վերապրումի եւ գոյառումի երթը ծրագիրը, ինչպէս նաեւ Տիանա Աբգարի եւ Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեանի նուիրուած առցանց հանդիպումները (ՀՀՀ Կրթական հարթակ): Տեղի ունեցած են նաեւ միջազգային գիտաժողովներ եւ հետաքրքրական ծրագիրներ, ինչպէս՝ պատմութեան ուսուցումը արուեստի եւ աշխարհագրութեան միջոցով:
3 Մայիս 2025-ին, տեղի ունեցաւ առցանց աշխատանիստ, Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ ամեակին նուիրուած: Օրուան բանախօսը՝ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի Վահագն Տատրեանի անուան Համեմատական ցեղասպանագիտութեան բաժինի ղեկավար, ինչպէս նաեւ Երեւանի պետական համալսարանի ցեղասպանութեան եւ այլ զանգուածային հանցագործութիւններու կանխարգիլման ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ամպիոնի վարիչ Սուրէն Մանուկեանն էր: Ան ներկայացուց «Յեղափոխութենէն փանթուրքիզմ. Հայոց ցեղասպանութեան պատճառներ»ը:
ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը, արդէն աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր, հայագիտական կրթութեան ոլորտի մէջ նորարար մօտեցումներ կ'առաջարկէ, նպաստելով պատմութեան պահպանման: Կազմակերպուած բոլոր ձեռնարկներուն եւ իրագործուած ծրագիրներուն անվճար կրնան հետեւիլ բոլոր ուսանողները եւ կրթութեան ոլորտի մասնագէտները:
Նախաձեռնութիւններուն նուիրուած ամփոփ տեսանիւթը կրնաք տեսնել այստեղ: