login
Յօդուածներ
Միտքերու հայկական գագաթնաժողովին ներկայացուեցան ՀԲԸՄ-ի ՀՀՀ-ի ծրագիրները 06/08/2019

Յունիս 8-ին, ՀՀ-ի նախագահ Արմէն Սարգսեանի հովանաւորութեամբ Դիլիջանի մէջ տեղի ունեցաւ «Միտքերու հայկական գագաթնաժողովը», որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հայկական Համացանցային Համալսարանը: Յայտնի քաղաքագէտներ, գործարարներ, ճարտարագիտութեան ոլորտի ներկայացուցիչներ եւ գիտնականներ Հայաստան եկած էին գործարարութեան եւ ներդրումներու մասին քննարկումներ կատարելու: Շատերուն հետաքրքրեց Հայաստանի ունեցած փորձառութիւնը այս մարզի մէջ:

 

ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ Ե. Զօրեան վարեց «Բարձր ճարտարագիտութիւնը եւ կառավարումը» խորագիրով քննարկումը:

 

Ի դէպ, հրաւիրեալ չորս կազմակերպութիւններէն էին ՀՀՀ-ը եւ ՀԲԸՄ Հայաստանը: Դոկտ. Զորեան, ՀՀՀ-ի անձնակազմին հետ, նախագահ Արմէն Սարգսեանին, ԿԳՄՍ նախարար Արայիկ Յարութիւնեանին եւ Բարձր ճարտարագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Յակոբ Արշակեանին ներկայացուց համալսարանի գործունէութիւնը եւ ծրագիրները: ՀՀՀ-ի տաղաւար այցելեցին նաեւ ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեանը եւ ՀԲԸՄ-ի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Վաչէ Մանուկեանը: 



Նշենք, որ օտարերկրացիներուն շատ հետաքրքրեց ՀՀՀ-ի ել. այն գիրքերը, որոնք նուիրուած են Հայաստանին, իսկ սփիւռքի մասնակիցներուն՝ համալսարանի ընձեռած կրթական հնարաւորութիւնները: