login
Յօդուածներ
ՀՀՀ-ի առցանց ձեռնարկները 02/25/2020

Փետրուար 2020-ին, ՀՀՀ-ը կազմակերպեց առցանց երկու ձեռնարկ։ Առաջին ձեռնարկը նուիրուած էր Հայաստանի հանրային ձայնասփիւռին։  Ձեռնարկի ընթացքին, ազգային ձայնասփիւռի արխիւի թուայնացման բաժնի ղեկավար Ա. Իսպիրեանը ներկայացուց  ձայնասփիւռի հիմնադրման պատմութիւնը, ցոյց տուաւ արխիւի գանձերը եւ խօսեցաւ թուայնացման աշխատանքներուն մասին։

 

Երկրորդ ձեռնարկը, որ նուիրուած էր Մայրենի լեզուի միջազգային օրուան, տեղի ունեցաւ Փետրուար 21-ին։ Ձեռնարկը առիթ մըն էր ծանօթանալու սփիւռքի ամենահին դպրոցներէն՝ Կալկաթայի Հայկական Մարդասիրական Ճեմարանի գործունէութեան։ Այս ձեռնարկը ընդգծեց հայկական դպրոցներու  եւ եկեղեցիներու առաքելութիւնը՝ սփիւռքի մէջ, հաստատելով, որ դպրոցներու եւ եկեղեցիներու շնորհիւ հայ երիտասարդները կառչած կը մնան իրենց արմատներուն եւ ինքնութեան։

 

Դոկտ. Զօրեանի ուղեկցութեամբ կատարուած առցանց այցելութիւնը դեպի Հայոց մարդասիրական ճեմարան՝ մեծ արձագանգ ստացաւ։ Շատեր անդրադարձան այս ձեռնարկին՝ իրենց շնորհակալական խօսքերով եւ գնահատանքներով.

 

«… թող Հնդկաստանի հայ համայնքը բարգաւաճի դարեր շարունակ»:

Սուպհաշիշ Նանտի

 

«Շնորհակալութիւն պրն. Զօրեանին՝ մարդասիրական ճեմարանը շատ գեղեցիկ ու նորովի ներկայացնելուն համար»։

 Վաչէ Թադէոսեան

 

«Շնորհակալ ենք Ձեր ազնիւ գործունէութեան համար: Հայոց լեզուն եւ եկեղեցին կարեւոր դերակատարութիւն ունին  հայապահպանման մէջ»։

Յասմիկ Կարապետեան