login
Յօդուածներ
 ՀՀՀ-ի եւ ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարութեան համատեղ առցանց հանդիպում-դասախօսութիւններու շարքը 01/25/2022

ՀԲԸՄ-ի Հայկական համացանցային համալսարանի (ՀՀՀ) եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարութեան համագործակցութեամբ սկիզբ առաւ առցանց դասախօսութիւններու շարք մը, ՀՀՀ-ի Համահայկական կրթական առցանց աշխատաժողովներու հարթակի ծիրէն ներս:

 

Նախագիծի նպատակն է ներկայացնել մանկավարժութեան եւ կրթութեան առնչուող նիւթեր եւ նպաստել մասնագիտական  գիտելիքներու ամրապնդման: Առցանց առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ 22 Յունուար, 2022 թուականին:

 

Պատմաբան-ուրարտագէտ, «Էրեբունի» ՊՀԱԹ-ի փոխտնօրէն, բանախօս Վահէ Սարգսեանը խօսեցաւ Վանի թագաւորութեան, ուրարտական քաղաքներուն եւ մշակոյթին մասին: Ան ներկայացուց պեղումներէ ետք բացայայտուած նոր փաստերն ու վերլուծումները:

 

Աւելի քան 100 ուսուցիչ, մասնագէտ, ուսանող եւ հայագիտութեամբ հետաքրքրուողներ մասնակցեցան այս հանդիպումին եւ իրենց հարցում-քննարկումներով ու առաջարկներով հետաքրքրական մթնոլորտ մը ստեղծեցին: Հնչող առաջարկներէն նշենք. «Շնորհակալութիւն հետաքրքրական եւ բովանդակալից առցանց դասախօսութեան համար: Երանի՜ հնագիտական նոր գտածոներու լուսանկարները տեղադրուին հայոց պատմութեան դասագիրքերուն մէջ»։

 

ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարութեան Սփիւռքի բաժինի ղեկավար Կարէն Մնացականեանը կը նշէ. «Այս նախաձեռնութիւնը շատ կարեւոր է. շնորհակալ եմ մեր բոլոր գործընկերներուն եւ աջակցողներուն, որոնք այս դժուար ժամանակաշրջանին կը փորձեն իրենց լուման դնել ի նպաստ հայկական մշակոյթի եւ կրթութեան զարգացման»:

 

ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ, դոկտոր Երուանդ Զօրեան շեշտեց առցանց դասախօսութիւններու կարեւորութիւնը: Ան ըսաւ. «Շատ կարեւոր է Ձեր կատարած աշխատանքը, հանրամատչելի լեզուով հայագիտական նիւթերը ներկայացուցիք։ Այդ նիւթերուն ուղղուած են մեր այս առցանց դասախօսութիւնները, որոնք շարունակական բնոյթ պիտի ստանան»:

 

Առցանց դասախօսութիւններու շարքը կ'իրագործուի ՀՀՀ-ի Համահայկական կրթական առցանց աշխատաժողովներու հարթակի միջոցով: Այս հարթակը մօտաւորապէս 1500 ուսուցիչ եւ մանկավարժ համախմբած է, թէ՛ Հայաստանէն, եւ թէ՛սփիւռքէն: Այս հարթակի միջոցով մասնակիցները իրարու հետ  կապի մէջ կը մնան եւ իրենց փորձառութեամբ կը կիսուին. բան մը, որ կարեւոր է առցանց ուսուցման եւ հաղորդակցութեան համար:

 

Առցանց հանդիպումներու բոլոր աղբիւրները, նիւթերը, յղումները եւ ձայնագրութիւնները կրնաք տեսնել ՀՀՀ-ի Համահայկական կրթական առցանց հարթակի էջին: