login
Յօդուածներ
ՀՀՀ-ի միջազգային ձեռնարկները 03/01/2023

Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ) հայկական համայնքները իրարու միացնող իւրօրինակ մէկ կամուրջ է:  ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը,  հայկական մշակոյթը տարածելու եւ աշարհասփիւռ հայութիւնը համախմբելու միտումով միջազգային տարբեր ձեռնարկներու կը մասնակցի: 

ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ դոկտ. Երուանդ Զօրեան, որպէս պատուոյ հիւր, միշտ կը մասնակցի տարբեր ձեռնարկներու, podcast-երու, հարցազրոյցներու եւ առցանց աշխատանիստերու: 

Դոկտ. Երուանդ Զօրեան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող DigiTech 2023  ձեռնարկի հիմնական խօսնակներէն էր:  DigiTech-ը յայտնի ձեռնարկ է. կը համախմբէ ճարտարագիտութեան եւ նորարարութեան ոլորտի առաջատար մասնագէտները, որպէսզի փոխանցեն իրենց գիտելիքները:
 

Աւելին

 

DigiTech-էն բացի, դոկտ. Զօրեան հրաւէր ստացաւ մասնակցելու քանի մը  podcast-երու եւ հարցազրոյցներու, ինչպէս՝ Նարեկ Ամիրխանեանի «Rearrange» podcast-ին: Այստեղ ան ներկայացուց իր տեսակէտները հայկական համայնքի, ճարտարագիտութեան զարգացումին եւ այլ նիւթերու մասին: 

 

Աւելին

 

EVN Report-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին դոկտ. Զօրեան խօսեցաւ ճարտարագիտական արդիւնաբերութեան միտումներու եւ համաշխարհային շուկայի մէջ Հայաստանի դերին մասին: Իր ընդարձակ գիտելիքներուն եւ փորձառութեան շնորհիւ մեծ ներդրում ունեցած է ճարտարագիտութեան ոլորտին մէջ՝ աշխարհի տարածքին: 

 

Աւելին