login
Յօդուածներ
Հայերէնի նոր դասընթացքներ 01/13/2020

13 Յունուար 2020-ին սկիզբ առաւ ՀՀՀ-ի ձմեռնային ուսումնական շրջանը։ 58 անգլիախօս ուսանողներ հնարաւորութիւն ունեցան սորվելու արեւելահայերէն եւ արեւմտահաերէն՝ հետեւելով ՀՀՀ-ի նորովի մատուցուած դասընթացքին։   Հիմնուելով ՀՀՀ-ի ունեցած փորձառութեան վրայ, նոր դասընթացքը ներկայացուած է նորարական լուծումներով։

 

Նոր դասերը յագեցած են ձայնագրութիւններով, տեսանիւթերով, ներգործօն վարժութիւններով եւ ուսուցողական նոր նիւթերով։ Այսինքն, ակադեմական չափանիշներով եւ արդի թեքնիք միջոցներով ու ձեւաչափով  պատրաստուած դասընթաքը ամբողջովին կը բաւարարէ ուսանողներու պահանջքը։

 

Կրթական ծրագրի անձնակազմը կը շարունակէ աշխատանքը եւ կը պատրաստէ միւս մակարդակները՝ դասաւանդման բոլոր լեզուներով։

 

Ստորեւ կը ներկայացնենք նոր դասընթացքի հետ կապուած մեր ստացած դրական արձագանգները.

 

«Ես շատ սիրեցի նոր երկխօսութիւնները։  Իւրքանչիւր նախադասութենէ  ետք որոշ դադար մը կայ. այս մէկը շատ կարեւոր է, յատկապէս՝ հայերէն նոր սորվողներուն համար»։

 

«Շատ սիրեցի նոր տարբերակը, շատ սիրեցի animation-ները, նոր բառապաշարը եւ ուսումնական նիւթերը ներբեռնելու հնարաւորութիւնը»։

 

«Հոյակապ աշխատանք է. միշտ պիտի հետեւիմ դասերուն»։