login
Յօդուածներ
ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը միացած է «405 կրթական դաշինք» ին. Հայաստանի կրթութեան տեսլականի համընկնում 11/05/2025

ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանը միացած է «405 կրթական դաշինք»ին: Հիմնադիր տարբեր մարմիններու համախմբումով կազմուած դաշինքը կը միտի բարեփոխել Հայաստանի կրթական ոլորտը՝ նորարար լուծումներով:

 

Դաշինքի անուան հիմքը 405 թուականն է՝ հայոց այբուբենի ստեղծման թուականը: Այնպէս ինչպէս գիրերու գիւտը կրցաւ միաւորել հայ ժողովուրդը՝ ազգային եւ մշակութային գետնի վրայ, նորաստեղծ դաշինքն ալ կը ձգտի կրթութեան միջոցով նպաստել ազգային ինքնութեան ամրապնդման:

 

Այս նոր համագործակցութեան նպատակն է ապահովել ժամանակակից ճարտարագիտութեան եւ հետազօտութեան վրայ հիմնուած նորարար, մատչելի եւ բարձրորակ ուսուցում՝ ուսումնական մակարդակը  բարձրացնելու հեռանկարով: «405 կրթական դաշինք»ը կ'ուզէ նոր սերունդը զինել անհրաժեշտ հմտութիւններով եւ մտածելակերպով:  

 

Դաշինքի ուշադրութեան կեդրոնն է  կրթական քաղաքականութեան բարելաւումը եւ Հայաստանի կրթական համակարգի հիմնական մարտահրաւէրներու վերաբերեալ հանրային իրազեկուածութեան ապահովումը: ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը իր աշխոյժ մասնակցութեամբ կը նպաստէ նպատակներու իրականացման եւ կը ձգտի համաշխարհային մակարդակով մրցունակ եւ նորարար կրթական միջավայր ստեղծել:

 

ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանը անդամ է նաեւ «405 կրթական դաշինքի» կողմէ համակարգուող «Արհեստական բանականութեան կիրառումը ուսման մէջ» աշխատանքային խումբին։ Այս առումով, ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարութեան հետ համագործակցութեամբ կը մշակուին ռազմավարութիւններ եւ ծրագիրներ, ապահովելով արհեստական բանականութեան կիրարկումը՝ կրթական մարզի մէջ։

 

«405 կրթական դաշինք»ը կազմուած է «Այբ» կրթական հիմնադրամի, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (AMAA), Հայ Կրթական Հիմնարկութեան (AEF), Հայաստանի գիտութեան եւ ճարտարագիտութիւններու հիմնադրամի (FAST), «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» կրթական հիմնադրամի, «ԹՈՒՄՈ» ստեղծարար ճարտարագիտութեան կեդրոնի եւ ՀԲԸՄ Հայաստանի համատեղ ջանքերով։ «Դաշինք»ի գործունէութիւնը պաշտօնապէս սկիզբ առած է 2025 թուականի Մարտին՝ նոր շունչ բերելով կրթական մարզին։

 

Ծանօթանալ ծրագիրներուն