login
Յօդուածներ
Թումոյի Ամառնային Ճամբարի Մասնակիցները Ծանօթացան ՀՀՀ-ին 07/24/2015
24 Յուլիս 2015-ին, Հայկական Համացանցային Համալսարանը հիւրընկալուեցաւ ԹՈՒՄՕ ստեղծարար ճարտարագիտութիւններու կեդրոն: ՀՀՀ-ի կրթական բաժինի տնօրէն Յասմիկ Խալափեանը, ամառնային ճամբարի մասնակիցներուն ներկայացուց ՀՀՀ-ի առաքելութիւնն ու գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ ծրագիրները: Եիտասարդ լսարանը մեծ խանդավառութեամբ ունկնդրեց տեղեկութիւնները: Մասնակիցներուն յատկապէս հետաքրքրեց ՀՀՀ-ի վերջին նորարարութիւնը՝ ել. գիրքերու շարքը: Հիացած գիրքի մուլթիմետիա առանձնայատկութիւններով, անմիջապէս ներբեռնեցին ել. երկրորդ գիրքը,‹‹Բացայայտենք Երեւանը››, իրենց սարքաւորումներուն մէջ: ՀՀՀ-ի բարեկամ եւ գործընկեր Մարալ Ազնաւուրի՝ Տալլասի Ս. Սարգիս շաբաթօրեայ դպրոցի տնօրէնին ջանքերով, այս հանդիպումը յետագայ համագործակցութեան հիմքը հանդիսացաւ: Ամէն տարի, ՀՀՀ-ն, ճամբարի երիտասարդ մասնակիցներուն սիրով պիտի ներկայացնէ իր նոր ձեռքբերումները եւ նորարարութիւնները: