login
Յօդուածներ
Երուսաղէմի Հայկական Գաղութը Կ՜ողջունէ Հայկական Համացանցային Համալսարանը 06/15/2015
Երուսաղէմ կատարած այցի ընթացքին, ՀՀՀ-ի հիմնադիր եւ նախագահ Դոկտոր Երուանդ Զօրեան այցելեց Երուսաղէմի հայկական գաղութը, հանդիպեցաւ գաղութի ներկայացուցիներուն հետ եւ ներկայացուց ՀՀՀ-ի առաքելութիւնն ու գործունէութիւնը: Ան շահեկան հանդիպում ունեցաւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Նուրհան Արք. Մանուկեանի հետ: Պատրիարքը իր հիացմունքն ու գոհունակութիւնը յայտնեց Դոկտ. Զօրեանին`նշելով Հայկական Համացանցային Համալսարանի ծաւալած գործունէութեան կարեւորութիւնն ու ունեցած կարեւոր դերը՝ աշխարհասփիւռ հայութեան համար: Դոկտոր Զօրեան հանդիպեցաւ նաեւ Հայ Երիտասարդաց Միութեան անդամներուն եւ Սուրբ Թարգմանչաց հայկական դպրոցի աշակերտներուն հետ: Մասնակիցները մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին ծրագիրի նկատմամբ: Սեդրակ Պալեան, որ Երուսաղէմէն նուիրեալ հայ երիտասարդ մըն է, մատնանշեց ՀՀՀ-ի ծրագիրներու անհրաժեշտութիւնը՝ իր գաղութին եւ դպրոցին համար: Այցելութիւնը համագործակցութեան նոր սկիզբ մըն է ՀՀՀ-ի եւ Երուսաղէմի հայ գաղութի միջեւ. ՀՀՀ-ն պատրաստ է տրամադրելու իր բազմաթիւ ծրագիրները՝ գաղութին եւ դպրոցին: