login
Յօդուածներ
«Բացայայտենք Երեւանը» Ել. Գիրքի Ցուցադրութիւն. «Բարի Գալուստ Հայաստան. Զբօսաշրջութեան Ֆորում -2016» 10/28/2016
28 Հոկտեմբեր, 2016-ին, ՀՀՀ-ը ներկայացուց «Բացայայտենք Երեւանը» ել.գիրքը՝ «Բարի Գալուստ Հայաստան. Զբօսաշրջութեան ֆորում 2016»-ին, որ կազմակերպուած էր Հայաստանի գործարար-գործընկերներու(BPA) եւ Երեւանի ՀԲԸՄ-ի համատեղ ջանքերով։ Հայաստանի զբօսաշրջութեան ոլորտին համար կազմակերպուած այս միջոցառումին մասնակցած էին զբօսաշրջութեան ասպարէզի տարբեր կազմակերպութիւններ: Միջոցառումի ընթացքին ՀՀՀ-ը ներկայացուց «Բացայայտենք Երեւանը» ել. գիրքը, ցոյց տալով գիրքի զբօսաշրջային առանձնայատկութիւնները, պատմական, հասարակական եւ ժողովրդագրական տեղեկութիւնները, ինչպէս նաեւ, միօրեայ շրջագայութիւնները, արշաւները, որոնց միջոցով ժամանցը Երեւանի եւ արուարձաններու մէջ կրնայ դառնալ առաւել արդիւնաւէտ: ՀՀՀ-ի տաղաւարը գրաւեց բազմաթիւ ընկերութիւններու, այցելուներու եւ ուսանողներու ուշադրութիւնը: Անոնք համոզուած էին, որ այս ասպարէզէն ներս, ՀՀՀ-ի մօտեցումը բաւականին նոր է եւ՝ հետաքրքրական: ՀՀՀ-ի համար այս միջոցառումը յատկանշական էր՝ նոր կապեր հաստատելու, յարաբերութիւններ ստեղծելու եւ այս ոլորտի ներկայացուցիչներուն հետ ընդհանուր նպատակներ հաստատելու առումով: