login
Յօդուածներ
Գանատայի Հայկական Համայնքի Հետ Համագործակցութեան Ծիրերը Կ’ընդլայնին 12/10/2018

Ամէն տարի, ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանի առաւելութիւններուն հաղորդակից դարձող ուսանողներուն թիւը կ’աւելնայ: ՀՀՀ-ի ճկուն համակարգը ձեռնտու է յատկապէս այն ուսանողներուն, որոնք ունին գերզբաղուած առօրեայ մը:

 

Այս տարի Թորոնթոյի ՀԲԸՄ-ը եւս միացաւ: 16 ուսանողներ հետեւեցան արեւմտահայերէնի առցանց դասընթացքին: Շաբաթական դասընթացքները կը վարէ Ռոզա Տէր Յարութիւնեանը, որ հետեւած է ՀՀՀ-ի դասընթացքներուն եւ համապատասխանաբար վերապատրաստուած:

 

Թորոնթոյէն առաջ, վերջին տարիներուն, ՀՀՀ-ը սերտօրէն գործակցած է Մոնթրէալի ՀԲԸՄ-ի Ալեք Մանուկեան վարժարանին հետ: Մոնթրէալի Հայորդեաց Օր շաբաթօրեայ վարժարանը եւս կը հետեւի ՀՀՀ-ի տարբեր ծրագիրներուն, ինչպէս՝ ճատրակի դասընթացքին: Առաւել Հայորդեաց Օրը կը մասնակցի ՀՀՀ-ի կազմակերպած առցանց այցելութիւններուն, ձեռնարկներուն եւ մաս կը կազմէ: