login
Յօդուածներ
ՀՀՀ-ի Հեռուստադպրոցը Արդէն Հասանելի Ռուսախօս Լսարանի Համար 09/07/2015
2015-ը ՀՀՀ-ի համար նշանակալից էր մէկ այլ իրադարձութեամբ. հայոց լեզու սորվելու միջոց մը եւս աւելցաւ: 2014 թուականին անգլիախօսներուն համար նախագծուած եւ իրականացուած ՀՀՀ-ի հեռուստադպրոցը, 2015 -ի Հոկտեմբերին հասանելի եղաւ, նաեւ, ռուսախօս լսարանին համար: ՀՀՀ-ի հեռուստադպրոցը, որ մշակուած էր ՀՀ-ի սփիւռքի Նախարարութեան հետ միասին, հեռարձակուեցաւ Հ1-ի Հանրային Հեռուստաընկերութեամբ: Ծրագիրի նպատակն էր հայոց լեզու սորվելու հնարաւորութիւն տալ փոքրիկներուն եւ պատանիներուն` այբուբենէն մինչեւ բանաւոր եւ գրաւոր խօսքի բարձր-միջին մակարդակ: Շրջանցելով աշխարհագրական սահմանները, հեռուստադպրոցի ծրագիրի հիմքը ՀՀՀ-ի լեզուի առցանց դասընթացքներն են` պատշաճեցուած հեռուստատեսային ձեւաչափին: Հեռուստադիտողները կրնան կապ հաստատել, նաեւ, ՀՀՀ-ի առցանց ուսուցիչներուն հետ, որպէսզի անոնց օգնութեամբ ամրապնդեն հեռուստաեթերի ընթացքին ձեռքբերուած գիտելիքները: Արձանագրուելով ՀՀՀ-ի առցանց դասընթացքներուն, կրնան հաղորդակցիլ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող իրենց ընկերներուն հետ: Հեռուստադպրոցը ռուսերէն լեզուով կը հեռարձակուի իւրաքանչիւր Հինգշաբթի, ժամը 14:00-ին, իսկ անգլերէն լեզուով` իւրաքանչյուր Երեքշաբթի, ժամը 14:00-ին։