login
Յօդուածներ
ՀՀՀ-ի Ուսանողները Առցանց Այցելեցին Երեւանի Գինիի Եւ Քոնեաքի Գործարանը 06/04/2015
4 եւ 5 Յունիս, 2015-ին, ՀՀՀ –ի ուսանողները առցանց այցելեցին Երեւանի գինիի եւ քոնեաքի գործարանը, ծանօթանալու համար Հայաստանի գինեգործութեան հնագոյն աւանդոյթներուն: Առցանց այցելութիւնը, որ պատրաստած էին ՀՀՀ-ի օնլայն ուսուցիչները գինիի գործարան կատարած իրենց անձնական այցելութենէն ետք, համալրեց ՀՀՀ-ի ուսանողներուն համար կանոնաւոր կերպով կազմակերպուող առցանց շրջագայութիւններու եւ ձեռնարկներու շարքը: Առցանց այցելութեան ընթացքին, ՀՀՀ-ի օնլայն ուսուցիչները իրենց ուսանողներուն ներկայացուցին հայկական գինեգործութեան մշակոյթը, զարգացումը խորհրդային շրջանին եւ վերակենդանացումը յետխորհրդային Հայաստանի մէջ: Այցելութիւնը հարուստ էր օնլայն ուսուցիչներու պատրաստած տեսանիւթերով եւ լուսանկարներով, որոնք առցանց այցելութեանը իրական շունչ հաղորդեցին: Առցանց այցելութիւնները եւ ընկերային-մշակութային ձեռնարկները ՀՀՀ-ի կրթական ծրագիրներու անբաժան մէկ մասը կը կազմեն։ Նպատակն է ունենալ հաղորդակցման հարթակ, օնլայն կրթութեան միջավայրի մէջ սահմանափակուած ուսանողներուն հաղորդելով դասարանի մէջ գտնուելու զգացողութիւնը։