login
Յօդուածներ
ՀՀՀ-ի Հանդիպումը CPA Կազմակերպութեան Հետ, Փարիզ 11/20/2015
2015-ի Նոյեմբերին, Փարիզ կատարած այցելութեան ընթացքին, ՀՀՀ –ի Հիմնադիր եւ Նախագահ Դոկտոր Երուանդ Զօրեանը հիւրընկալուեցաւ «Հայ Արհեստավարժ Մասնագէտներու Խումբ»ի (CPA) հերթական հանդիպումին: Հանդիպումը սկիզբ առաւ կազմակերպութեան հիմնադիր ղեկավար Պրն. Էրիկ Տատեանի բացման խօսքով: Վերջինս ներկայացուց Դոկտոր Զօրեանը եւ անոր ծաւալած գործունէութիւնը։ Տեղի ունեցաւ ազատ քննարկում։ Ներկայ հայ մասնագէտները ծանօթացան Դոկտոր Երուանդ Զօրեանի մասնագիտական փորձառութեանը։ Անոնք, իրենց հետաքրքրող հարցումներով դիմեցին Դոկտ. Զօրեանին։ Վերջինս բոլորին ուշադրութիւնը հրաւիրեց յատկապէս ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանի փորձառութեան վրայ: Ներկաները հետաքրքրութեամբ հետեւեցան։ Շատեր, նոյնիսկ, ՀՀՀ-ի յետագայ ծրագիրներու մասին առաջարկներ յայտնեցին: Այս հանդիպումը մեծ ոգեւորութիւն առաջացուց։ Կազմակերպութեան անդամները պատրաստակամութիւն յայտնեցին ՀՀՀ-ի մասին տեղեկութիւն տարածելու իրենց գաղութներուն մէջ: Հանդիպումը հասաւ իր աւարտին գնահատանքի եւ շնորհակալութեան ջերմ խօսքերով: Մասնակիցները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին ՀՀՀ-ին, հայանպաստ գործունէութեան համար, ինչպէս նաեւ պատրաստակամութիւնը՝ նպաստելու ՀՀՀ-ի վերաբերեալ իրազեկութեան տարածմանը Փարիզի հայկական գաղութին մէջ: