login
Յօդուածներ
ՀՀՀ-ի Ճատրակի Դասընթացքը Ներկայացուեցաւ Կոտայքի Եւ Երեւանի Ճատրակի Ուսուցիչներուն 11/12/2016
ՀՀՀ-ը կ’ընդլայնէ ճատրակի իր ծրագիրը ոչ միայն Հայաստանի սահմաններէն դուրս, այլ նաեւ Հայաստանէն ներս։ Հայաստանի ճատրակի ուսուցիչներուն ծրագիրը ներկայացնելու համար` ՀՀՀ-ը ունեցաւ երկու կարեւոր հանդիպում. առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ Կոտայքի ճատրակի ուսուցիչներուն հետ, երկրորդը` Երեանի ուսուցիչներուն հետ։ 12 Նոյեմբեր 2016-ին, ՀՀՀ-ի անձնակազմը Աբովեան քաղաքի ճատրակի դպրոցի մէջ ներկայացուց ճատրակի իր առցանց ծրագիրը, աւելի քան 90 ուսուցիչներու ներկայութեան։ ՀՀՀ-ի կրթական բաժինի տնօրէն Դոկտ. Յասմիկ Խալափեանը խօսեցաւ ծրագիրի առաւելութիւններուն մասին, իսկ ՀՀՀ-ի ճատրակի հեռավար ուսուցիչ Վահագն Քալանթարեանը ցոյց տուաւ ճատրակի առցանց ծրագիրը: ՀՀՀ –ի հիպրիթ կրթական ծրագիրը համակարգող Արփինէ Թաւաքալեանը, նշեց, որ հիպրիթ ծրագիրը կրնայ համատեղել առցանց եւ աւանդական դասաւանդման ոճերը: Հայաստանի Ճատրակի Ակադեմիայի Կոտայքի մասնաճիւղի «Ճատրակը Հանրակրթական Դպրոցներու Մէջ» ծրագիրը համակարգող Նայիրա Մովսիսեան բարձր գնահատեց ՀՀՀ-ի ծրագիրը եւ խոստացաւ ոչինչ խնայել աջակցելու համար ՀՀՀ-ի ծրագիրի կիրառման՝ մարզի հանրային դպրոցներուն մէջ: Ան ըսաւ. «Այս ծրագիրը կ’օգնէ ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն: ՀՀՀ-ի առաջարկած լուծումները եւ ծրագիրի տեսողական գրաւչութիւնը կը բաւարարեն նոր սերունդի կրթական պահանջքները»: Ճատրակի ուսուցիչներու հետ երկրոդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Նոյեմբերի 19-ին, Երեւանի Ճատրակի Ակադեմիայէն ներս, ուր ներկայ էին Երեւանի հանրային դպրոցներէն աւելի քան 120 ուսուցիչներ։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ճատրակի Ֆետերացիայի փոխ-նախագահ Սմբատ Լպուտեանը: Ան ներկայացուց առցանց ծրագիրի առաւելութիւնները եւ խորհուրդ տուաւ ծրագիրը կիրառել հանրային կրթարաններէն ներս: Ան ըսաւ. «Այս դասընթացքները կրնան պարզեցնել ուսումնական գործընթացը եւ հանդէս գալ որպէս լրացում՝ ճատրակի դասագիրքերուն»: ՀՀՀ-ի կրթական բաժինի տնօրէն Դոկտ. Յասմիկ Խալափեան խօսեցաւ ծրագիրի մեթոտաբանութեան եւ դասաւանդման ոճի մասի: Ապա, Վահագն Քալանթարեանը ցոյց տուաւ ծրագիրի գործնական կիրառումը: Երկու հանդիպումներն ալ հետաքրքրութիւն յառաջացուցին։ Մօտաւորապէս 80 ուսուցիչներ արձանագրուեցան եւ միացան ՀՀՀ-ի ճատրակի ծրագիրին, որպէսզի առցանց լուծումները օգտագործեն դասարաններէն ներս: Հայաստանի մէջ ճատրակի հետ առնչուող գիտելիքները ընդլայնելու եւ այլ ուսուցիչներ եւս ծրագիրէն տեղեակ պահելու համար, այսպիսի հանդիպումներ յաճախ տեղի պիտի ունենան: