login
Յօդուածներ
ՀԲԸՄ-ի Երեւանի Ամառնային Ասպարէզային Փորձառութեան Ծրագիրին Մասնակիցներուն Այցը ՀՀՀ-ի Գրասենեակ 07/25/2011

Յուլիս 25, 2011-ին, ՀԲԸՄ Երեւանի ամառնային ասպարէզային փորձառութեան ծրագրի խումբը Հայկական Համացանցային Համալսարանի գրասենեակը այցելեց: Այս ծրագիրին նպատակը հայ առաջնորդներուն նոր սերունդը զարգացնելն է մասնագիտական փորձառութեան եւ մշակութային ծրագիրի շրջանակներուն մէջ:

ՀՀՀ-ի վարչական ղեկավար Ճորճ Թապաքեանը, ՀՀՀ-ի գործունէութեան մասին խօսեցաւ եւ ներկայացուց ՀՀՀ-ի խումբին աշխատանքը այս ծրագիրը կեանքի կոչելու:

Ինչպէս նաեւ , ՀՀՀ-ի հիմնադիր եւ նախագահ դոկտոր Երուանդ Զօրեանը տեսա-հաղորդակցութեան միջոցով ներկաներուն հետ ուղիղ կապ հաստատեց, բոլորին կարծիքները լսեց եւ բոլոր հարցումներուն պատասխանեց:

Հանդիպումը առիթ տուաւ այս ծրագիրով հետաքրքրուած ուսանողներուն արձանագրուիլ ՀՀՀ-ի յաջորդ ուսումնական շրջանին եւ յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալ ՀՀՀ-ի յետագայ գործունէութիւններուն եւ ձեռքբերումներուն մասին: