login
Յօդուածներ
ՀԲԸՄ-Ի Համացանցային Համալսարանը՝ Աշխարհասփիւռ Հայութեանն Ուղղուած Ծրագիր Է, Որ Երկամեայ Արդիւնաւէտ Գործունէութենէն Ետք Կը Գրաւէ Իր Արժանի Տեղը Կրթական Այլ Ծրագիրներու Շարքին 09/06/2011
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) Հայկական Համացանցային Համալսարանը ( ՀՀՀ) Սեպտեմբեր 6ին մեծ հանդիսութեամբ տօնեց իր երկրորդ տարեդարձը, որուն ընթացքին կազմակերպուեցաւ միջազգային օնլայն ֆորում, ինչպէս եւ մասնակիցներուն ներկայացուեցաւ համալսարանի երկու տարուան գործունէութեան ձեռքբերումները եւ հայկական օնլայն կրթութեան հեռանկարները: ՀՀՀ-ն հայկական առաջին օն-լայն համալսարանն է, որ իր գործունէութիւնը մեկնարկած է 2009 թուականի Յունիս ամսուն: Համալսարանի գլխաւոր նպատակը արդիական ճարտարագիտական նուաճումներու եւ ձեռքբերումներու օգնութեամբ հայկական կրթութիւնը բոլորին հասանելի դարձնելն է: Իր երկամեայ գործունէութեան ընթացքին Հայկական Համացանցային Համալսարանը յիսուն երկիրներէ 1300 մսանակից ունեցած է: ՀՀՀ-ի աշխարագրական ծիրը ընդարձակ է, այն կը տարածուի ԱՄՆ-էն մինչեւ Ռուսիա, Վենեզուելլայէն մինչեւ Հարաւային Ափրիկէ, Արժանթինէն մինչեւ Ռեունիոն կղզի, ապացուցելով ՀԲԸՄ-ի նոր կրթական ծրագիրին նպատակին արդադացումը` տասնամեակներու ընթացքին հայկական սփիւռքին առջեւ ծանրացած կրթական խոչընդոտները յաղթահարելը: ՀԲԸՄ-ի կեդրոնական խորհուրդի անդամ եւ ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ Տոքթոր Երուանդ Զօրեանը համընդհանուր օն-լայն ֆորումը նախագահեց: Հանդիսութեան ընթացքին խօսք տրուեցաւ ՀՀ Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանին եւ պատուաւոր այլ հիւրերու: ՙԱշխարհի մէջ տարածուած հազարաւոր օն-լայն համալսարաններուն շարքին ՀՀՀ-ն հայկական կրթութեանը նուիրուած առաջին համալսարանն է: Այսօր աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդներուն միայն հինգ տոկոսը հայկական կրթութիւն ստանալու կարելիութիւն ունի, հանգամանք որ սոյն հաստատութեան գոյութիւնը կենսական անհրաժեշտութիւն կը դարձնէ հայութեան համար,- ըսաւ դոկտոր երուանդ Զօրեան,- Մինչ մեր ուսանողները մեծ խանդավառութեամբ դասերուն կը մասնակցին, ՀՀՀ-ն կը շարունակէ տարածել իր համապարփակ կրթութիւնը զանազան ուղղութիւններով: Այսօր մեծ ուրախութեամբ կը յայտարարեմ հայկական մշակոյթի բնագաւառին մէջ տեսողական արուեստի նոր դասընթացքներու ստեղծման, արդի տեղեկատուական ճարտարագիտական եղանակներով հայոց պատմութեան դասաւանդման, ինչպէս նաեւ թուրքերէն` եօթերորդ լեզվով դասաւանդման մասին: Վերջինս մեծ նշանակութիւն ունի յատկապէս Թուրքիայի եւ Արեւմտաեան Եւրոպայի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն համար: Խօսքս կ\'եզրափակեմ շեշտելով խառն կրթութեան ծրագիրի ընդլայնման հեռանկարը ԱՊՀ երկիրներուն մէջ, ուր Թիֆլիս եւ Ռոստով քաղաքներուն մէջ կը հիմնենք ՀՀՀ համար նախատեսուած յատուկ դասարաններ»: ՙԵրբ երկու տարի առաջ այս ծրագիրը մեկնարկեց, դեռեւս անյայտ էր թէ ինչ ընթացք կ’ունենայ այս փայլուն գաղափարը: Սակայն համալսարանի երկամեայ արդիւնաւէտ աշխատանքը եւ արձանագրած նուաճումները շատ ոգեւորիչ են եւ յուսադրիչ: Ես այս ծրագիրը կը շարունակեմ ներկայացնել տարբեր շրջանակներու՚,- ըսաւ ՀՀ մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան: ՙՏարիներու ընթացքին Թիֆլիսի հայկական դպրոցներուն թիւը նուազած էր, իսկ 2011թ. ուսումնական տարուն 80 հազար բնակչութեան համար հայկական միայն մէկ դպրոց կը գործէր, այս պատճառով ալ ռուսական դպրոցներու աշակերտներուն 90 տոկոսը հայեր էին, - ըսաւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Վրաստանի թեմի առաջնորդ եպիսկոպոս Վազգէն Միրզախանեան: ՀՀՀ-ն հայկական դպրոցներ չունեցող համայնքներուն մէջ հայկական ինքնութեան պահպանման անփոխարինելի միջոց է՚: Հայկական Համացանցային Համալսարանի ծրագիրը ծնունդ առաւ 2004 թուականին, սփիւռքահայերուն եւ հայագիտութեամբ հետաքրքրուած օտարազգի ուսանողներուն պահանջները բաւարարելու միտումով: Այդ օրուընէ ծրագիրին մէջ կիրառուող ճարտարագիտական հնարքները Հայաստանի մէջ մեծ զարգացում ապրած են` Երեւանի պետական համալսարանի ճարտարագիտութեան կեդրոնի գիտնականներուն եւ ծրագրաւորողներուն անմիջական համագործակցութեան շնորհիւ: Իր երկամեայ գործունէութեան ընթացքին ՀՀՀ-ն խառն կրթութեան եղանակը որդեգրեց, նպատակ ունենալով դասաւանդման աւանդական եւ օնլայն եղանակներով դասընթացքներ պատրաստել եւ զանոնք տրամադրել հայկական դպրոցներուն եւ կրթական հաստատաութիւններուն: ՀՀՀ-ն այս ուսուցման եղանակը առաջին անգամ կիրառած է Արաբական Ամիրութիւններու Շարժա քաղաքի Օհանէսեան միօրեայ դպրոցին մէջ: Երկու տարուան ընթացքին 10 դպրոց եւ համայնք միացած են խառն կրթութեան այս ձեւին: Համընդհանուր ֆորումին ներկայ էին Թիֆլիսի եւ Ռոստովի հայկական համայնքներու ներկայացուցիչները, որոնց ուսումնկան շրջանը պիտի մեկնարկէ Հոկտեմբերին: Համընդհանուր ֆորումին ներկայ էին նաեւ ՀՀՀ-ի օն-լայն դասախօսները, օն-լայն կրթութեան մասնագէտները, ինչպէս եւ աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած ուսանողներ: Այդ օրը ԱՄՆ-էն, Ռուսիայէն, Սպանիայէն եւ Ուրուկուէյէն կարգ մը ուսանողներու հետ ուղիղ կապ հաստատուեցաւ: Ուսանողները իրենց տպաւորութիւնները կիսեցին եւ ներկաներուն հարցումներուն պատասխանեցին: Հայաստան գտնուող որոշ ուսանողներ նոյնպէս իրենց կարծիքը արտայայտելու առիթը ունեցան: Այսօր ՀՀՀ-ն կը շարունակէ իր երեք` Հայոց Լեզուի, Հայոց Պատմութեան եւ Հայկական Մշակոյթի բաժինները զարգացնել: Մինչ օրս Արեւելահայերէնով, արեւմտահայերէնով, անգլերէնով, ռուսերէնով, ֆրանսերէնով եւ սպաներէնով դասաւանդուող նիւթերը այսուհետ պիտի ուսուցանուին նաեւ թրքերէնով: Դիտեցէք ՀՀՀ 2-ամեակին նուիրուած Հ1 նիւթը Դիտեցէք ՀՀՀ 2- ամեակին նուիրուած Շանթի նիւթը Դիտեցէք ՀՀՀ 2- ամեակին նուիրուած Ազատութեան ռատիոկայանի նիւթը