login
Յօդուածներ
ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանի Այցելութիւնը Թիֆլիս 05/09/2013
ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանը ակնյայտ ձեւով ընդարձակեց եւ հարստացուց իր ծրագիրը տարբեր կրթական, ժամանցային, մշակոյթային միջոցառումներով: Վերջին իրադարձութիւններէն մէկը 2013 թուականին, Մայիսին դէպի Թիֆլիս կատարած ճամբորդութիւնն էր, որուն ընթացքին ՀՀՀ-ի ուսուցիչները այցելեցին ոչ միայն հայկական մշակոյթային կեդրոնները, այլ նաեւ օնլայն պտոյտի համար նախատեսուած տեսանիւթ մը պատրաստեցին: 10 Մայիս, 2013 թուականին ՀՀՀ-ի ուսուցիչները այցելեցին Թիֆլիսի Հավլապար թաղամասը գտնուող Վիրահայոց թեմի <<Հայարտուն>> կրթամշակոյթային երիտասարդական կեդրոնը: <<Հայարտուն>> կեդրոնը մեծ դեր ունի հայ-վրացական համայնքի համար: Անոնք ջանք չեն խնայած Հայոց լեզուն եւ ազգային արժէքները պահպանելու: Ուստի պատահական չէ, որ <<Հայարտուն>>-ը մասնակից դարցաւ ՀՀՀ-ի հիպրիդ ծրագիրը իրագործողը։ Տիկին Եւգենիա Մարկոսեանը նախադպրոցական կրթութեան համակարգողն է եւ Թիֆլիսի մէջ ՀՀՀ-ի հիպրիդ ծրագիրի ուսուցիչն է : Ան փափաքեցաւ նշել <<Հայարտուն>> եւ ՀՀՀ-ի համագործակցութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ կրթական գործընթացքին եւ ձեռքբերումները. ՙ Այսօր Վրաստանի հայերը ռուսերէն եւ վրացերէն կը խօսին. այդ իսկ պատճառով ալ ՀՀՀ-ի հիպրիդ ծրագիրը մեծ խանդավառութեամբ ընդունուեցաւ Վրաստանի հայերուն կողմէ՚: Ան նաեւ <<Հայարտուն>> եւ ՀՀՀ-ի յետագայ ծրագիրներուն մասին խօսեցաւ: ՙ Մենք յոյս ունիք որ շատ շուտով կը տեղափոխուինք Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանը, ուր ալ կ’ ունենաք մեր նոր եւ աւելի յարմար դասարանները եւ հոն կը շարունակենք ՀՀՀ-ի հիպրիդ ծրագիրի դասընթացքները՚: Մշակոյթային կեդրոնի ներկայացուցիչները, <<Հայարտուն>>-ի տնօրէն Լեւոն Չիդիլեանը, ինչպէս նաեւ ՀՀՀ-ի կարգ մը ուսանողներ ողջունեցին ՀՀՀ-ի անձնակազմը եւ իրենց երախտագիտութեան խօսքը յղեցին: Ուսանողներէն Անժելլա Սարգսեանը ըսաւ. <<Մենք շատ երախտապարտ ենք ՀՀՀ-ին, որովհետեւ կ’օգնէ մեզի վերականգնելու, պահպանելու եւ զարգացնելու մեր հայկական ինքնութիւնը` հարստացնելով մեր գիտելիքները: Այս մէկը Շատ կարեւոր փաստ է, քանզի այստեղ շատ հայեր այլեւս հայերէն չեն խօսիր>>: ՀՀՀ-ի խումբ իր այցելութիւնը շարունակեց: Անոնք քանի մը հայկական եկեղեցիներ եւ մշակոյթային կեդրոններ այցելեցին։ Գացին նաեւ Խոջիվանք՝ հայ գրողներու եւ հասարակական գործիչներու պանթեւնը, ինչպէս նաեւ Հավլապարի հիւսիս-արեւելեան մասը գտնուող ճարտարապետական համալիրը: Երեկոեան օնլայն ուսուցիչները Շուշիի ազատագրման եւ համաշխարհային երկրորդ պատերազմի յաղթանակին նուիրուած տօնակատարութեանը մասնակցեցան։ ՀՀՀ-ի առաքելութիւնը հայկական կրթութիւնը տարածելն է օնլայն ուսուցման եւ խառը` հիպրիդ ծրագիրի միջոցով: