Առաջարկներ

Ընդունելութիւն

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային համալսարանը (ՀՀՀ) նպաստեց ամառնային տարբեր ծրագիրներու իրականացման, որոնցմէ նշենք ՀԲԸՄ-ի «Համաշխարհային առաջնորդութեան ծրագիր»ը (GLP) եւ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի «Քայլ դէպի տուն»ը:
ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը կրթական մարզի մէջ իր ունեցած հարուստ փորձառութեան շնորհիւ կրցաւ համախմբել սփիւռքահայ երիտասարդները, իրագործելով բազմաբնոյթ ծրագիրներ եւ ձեռնարկներ:
Յունիս 15 - Յուլիս 26 Երեւանի մէջ տեղի ունեցած «Համաշխարհային առաջնորդութեան ծրագիր»ին միացաւ 31 երիտասարդ: Մասնակիցները եկած էին ԱՄՆ-էն, Հունգարիայէն, Լիբանանէն եւ Մեծ Բրիտանիայէն:
Անոնք հետեւեցան ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի Արեւմտահայերէն լեզուի դասընթացքին եւ մասնակցեցան առցանց ձեռնարկներու, Արեւմտահայերէնի բաժինի պատասխանատու՝ Զեփիւռ Խպլիկեանի եւ Աւագ հեռավար ուսուցչուհի՝ Անի Տեկիրմէնճեանի գլխաւորութեամբ:
Յունիս 13 - Օգոստոս 27 տեղի ունեցաւ «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրը, որուն միացան 20 երկրէ շուրջ 600 պատանիներ։ Վեց տարբեր խումբերով ժամանած 13-18 տարեկան պատանիներուն համար այս ծրագիրը առիթ մըն էր, որ մօտէն ծանօթանան ազգային մշակոյթին:
ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի համագործակցութեան եւ հաղորդակցութեան մասնագէտ Կիմա Սերոբեանը ՀԲԸՄ-ի գրասենեակէն ներս ողջունեց մասնակիցները եւ ներկայացուց ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի ել. դասընթացքները, յատուկ ծրագիրները եւ կրթական հարթակները:
Կարեւոր տեղեկութիւններ՝ Ամառնային ուսումնական շրջանէն
ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի հեռավար դասախօսները Ամառնային ուսումնական շրջանին յատուկ ձեռնարկ մը կազմակերպեցին: «Ինքնութեան հենք. հայկական տարազը պատմութեան քառուղիներուն» խորագիրը կրող ձեռնարկին ընդմէջէն ուսանողները ծանօթացան հայկական տարազի իւրայատկութիւններուն:
Աւելի քան 940 ուսանող՝ 63 տարբեր երկիրներէ արձանագրուեցան հայոց լեզուի, հայոց պատմութեան, հայկական մշակոյթի եւ ճատրակի առցանց դասընթացքինկերուն:
Ամառնային ուսումնական շրջանի արդիւնաւէտ աւարտէն ետք ՀՀՀ-ը կը պատրաստուի դիմաւորելու Աշնանային ուսումնական շրջանը: