Առաջարկներ

Ընդունելութիւն

8-26 Յունիս, 2020-ին, ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանի եւ Հայաստանի Ճատրակի Ակադեմիայի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ Ճատրակի համահայկական առաջին առցանց մրցաշարքը: Համավարակի պատճառով մէկուսացած բազմաթիւ հայ ուսանողներ եւ ճատրակորդներ, որոնք միեւնոյն հետաքրքրութիւնը ունէին, կ'ուզէին իրարու հետ կապի մէջ գտնուիլ: ՀՀՀ-ը իր բազմամեայ փորձառութեամբ այդ կապը կրցաւ ստեղծել:
Մրցաշարքին միացան 520 մասնակիցներ, 36 տարբեր երկիրներէ եւ 5 տարածաշրջաններէ՝ Ամերիկաներ, Հայաստան եւ Արցախ, Եւրոպա, Միջին Արեւելք եւ Ափրիկէ, Ասիա եւ Ովկիանիա։ Մրցաշարքը կազմակերպուած էր երկու հանգրուանով՝ հինգ շրջանային կիսաեզրափակիչ եւ երեք եզրափակիչ խաղեր, դէպի ՃՀՀ –ի առաջնութեան տիտղոսին: Մրցանքի ընթացքին մասնակիցները, իրենց հմտութիւնները զարգացնելու եւ խաղերուն պատրաստուելու համար, ՀՀՀ-ի ճատրակի դասընթացքներուն հետեւելու եւ հայ ճատրակորդներու հետ առցանց դասեր կատարելու հնարաւորութիւնը ունեցան: Երեք մրցանակակիրներու անունները յայտարարուեցան մրցաշարքի փակման արարողութեան ընթացքին.
Կիսաեզրափակիչի եւ եզրափակիչի յաղթողներըՀԲԸՄ-ի ՀՀՀ-ի կողմէ պատուոյ գիրեր եւ յատուկ նուէր քարթեր ստացան:
Փակման արարողութեան մասնակցեցան նաեւ 23 հայ նշանաւոր ճատրակորդներ: Աւարտին ճատրակի Եւրոպայի կանանց թիմային ախոյեանճատրակորդ Էլինա Դանիէլեանը եւ Ռուսիոյ կանանց արագ ճատրակի ախոյեան Քարինա Համբարձումովան միասին ճատրակի արագ երկու առցանց խաղ խաղցան:
Մրցաշարքի նպատակը ոչ թէ միայն նոր տաղանդներ յայտնաբերելն էր, այլ հայ ճատրակասէրներու համայնք ստեղծելը: Այսօր ՀՀՀ-ը այդ հարթակը կը շարունակէ պահել, առաջարկելով հմտութիւններու զարգացումին եւ հաղորդակցային կապերու հաստատումին ուղղուած նոր գաղափարներ ու ծրագիրներ: