login
Արեւելահայերէնի նախամիջին մակարդակ
Հասանելի է տարբեր լեզուներով՝
infoՈւսանողի մասնակցութեան տեսակները

Դասին հիմնական նպատակն է ուսանողներուն գիտելիքները կատարելագործել, արեւելահայերէնի քերականական, բառագիտական եւ հնչիւնաբանական կանոնները սորվեցնելով: Ուսանողները կը սորվին ձայնաւորներուն եւ երկհնչիւններուն հնչիւնափոխութեան կանոնները, գոյականին թիւը, ածականներուն համեմատական աստիճանները, քանակական եւ դասական թուականները , ինչպէս նաեւ բային դիմաւոր ձեւերը: Ուսանողները կը շարունակեն զարգացնել իրենց խօսելու, կարդալու, գրելու եւ լսելով ըմբռնելու կարողութիւնը:

Ակնկալուող մասնակցութեան սանդղակ (ժամեր/շաբաթ)

  • Նիւթեր (ձայնա- տեսա- եւ թեքսթային)-1 - 2 ժամ
  • Քննարկումներ-2-3 ժամ
  • Առաջադրանքներ - 2-3 ժամ
  • Ակնկալուող շաբաթական զբաղուածութիւն - 5-8 ժամ

Մասնակիցները պէտք է`

  • Կապի մէջ ըլլան իրարու հետ ֆորումներու, քննարկումներու եւ ձայնա-տեսահաղորդակցութեան միջոցով:
  • Ընթերցեն եւ օն-լայն քննարկեն բնագիրները եւ դասանիւթերը:
  • Աշխատին պզտիկ խումբերով եւ անհատապէս` գործածելով օն-լայն միջոցներու ամբողջ համակարգ մը:

Դասընթացքի բովանդակութիւնը

  • Բնագրային բառեր, բառակապակցութիւններ, արտայայտութիւններ, նախադասութիւններ, ցուցական դերանուն, գոյականի յոգնակի թիւի անկանոն կազմութիւն, պարզ եւ բարդ բառեր, երկխօսութիւններ, բնագիրներ, վարժութիւններ, բառապաշար:
  • Բնագրային բառեր, բառակապակցութիւններ, արտայայտութիւններ, նախադասութիւններ, հարցական դերանուն, շաղկապ, բարդ բառեր, նախածանցներ, երկխօսութիւններ, բնագիրներ, վարժութիւններ, բառապաշար:
  • Բնագրային բառեր, բառակապակցութիւններ, արտայայտութիւններ, նախադասութիւններ, չափ ու քանակի մակբայներ, գոյականի սեռական-տրական հոլովը, ածանցաւոր բառեր, երկխօսութիւններ, բնագիրներ, վարժութիւններ, բառապաշար:
  • Բնագրային բառեր, բառակապակցութիւններ, արտայայտութիւններ, նախադասութիւններ, անցեալ կատարեալ ժամանակ, ժխտական խոնարհում, հոմանիշ եւ հականիշ, ուղղագրութիւն եւ ուղղախօսութիւն, երկխօսութիւններ, բնագիրներ, վարժութիւններ, բառապաշար:
  • Բնագրային բառեր, բառակապակցութիւններ, արտայայտութիւններ, նախադասութիւններ, բաղաձայներու ուղղագրութիւն եւ ուղղախօսութիւն, հայցական հոլով, յարաբերական դերանուն, երկխօսութիւններ, բնագիրներ, վարժութիւններ, բառապաշար:
  • Բնագրային բառեր, բառակապակցութիւններ, արտայայտութիւններ, նախադասութիւններ, սահմանական եղանակի հաստատական եւ ժխտական խոնարհում, բացառական հոլով, բաղաձայներու ուղղագրութիւն եւ ուղղախօսութիւն, յարադիր բայեր, երկխօսութիւններ, բնագիրներ, վարժութիւններ, բառապաշար:
  • Բնագրային բառեր, բառակապակցութիւններ, արտայայտութիւններ, նախադասութիւններ, ենթադրական ապառնի ժամանակ, գործիական հոլով, բաղաձայներու ուղղագրութիւն եւ ուղղախօսութիւն, երկխօսութիւններ, բնագիրներ, վարժութիւններ, բառապաշար:
  • Բնագրային բառեր, բառակապակցութիւններ, արտայայտութիւններ, նախադասութիւններ, անցեալ վաղակատարի հաստատական եւ ժխտական խոնարհում, ներգոյական հոլով, բաղաձայներու ուղղագրութիւն եւ ուղղախօսութիւն, երկխօսութիւններ, բնագիրներ, վարժութիւններ, բառապաշար:

Ուսուցման արդիւնքները

Դասընթացքը աւարտելէ ետք ուսանողները բնագրային բառերու, բառակապակցութիւններու, տարբեր արտայայտութիւններու եւ նախադասութիւններու միջոցով անհրաժեշտ հաղորդակցութիւն կատարելու հնարաւորութիւնը կ'ունենան: Լեզուական տարբեր գիտելիքներու՝ գոյականի յոգնակի թիւի անկանոն կազմութեան, պարզ ու բարդ բառերու եւ ցուցական դերանուններու միջոցով աստիճանաբար կը բարելաւեն հայերէնի իմացութիւնը: Ապա, կ'ուսումնասիրեն հարցական դերանունները, շաղկապները, չափ ու քանակի մակբայները, սեռական տրական հոլովները եւ ածանցաւոր բառերը: 

Երկխօսութիւններու, բնագիրներու եւ վարժութիւններու միջոցով կը հարստացնեն իրենց բառապաշարը, հայերէն հասկնալու եւ խօսելու ունակութիւնները:

Դասընթացքի դասացուցակը

Եթէ ընտրէք մասնակցութեան կանոնաւոր ընթացքը(regular program),այդ պարագային ուս.շրջանը կը տեւէ ինը շաբաթ դաս շաբաթ ներառեալ ծանօթացման շաբաթը: Եթէ ընտրէք մասնակցութեան երկարատեւ ընթացքը(slow-mode program),այդ պարագային ուս. շրջանը կը տեւէ տասնվեց շաբաթ(1 դաս/2 շաբաթ)ներառեալ ծանօթացման շաբաթը:

Շաբաթ 0

Ծանօթացման շաբաթ
Ուսանողը կը ծանօթանայ կրթական առցանց տիրոյթի, ուսանողի ուղեցոյցի հետ, կ՚ամբողջացնէ իր նկարագիրը (profile), կը մասնակցի ֆորում-քննարկումին։ Այս ընթացքին ուսանողը կը ծանօթանայ նաեւ թեքնիք պահանջքներուն, հաղորդակցական եւ կրթական միջոցներուն, կ՚ընտրէ ժամային գօտին՝ ուսման ընթացքին հեռավար ուսուցիչի հետ կապ պահելու համար։

Շաբաթ 1-8

Դաս 1-8
Հարցումներ եւ առաջադրանքներ

Շաբաթ 1-16

Դաս 1-8
Առաջադրանքներ եւ վարժութիւններ - երկարատեւ ընթացք

Շաբաթ 4

Միջանկեալ քննութիւն

Շաբաթ 8

Միջանկեալ քննութիւն – երկարատեւ ընթացք

Շաբաթ 8

Աւարտական քննութիւն

Շաբաթ 16

Աւարտական քննութիւն – երկարատեւ ընթացք

Դասընթացքի պահանջքները եւ գնահատման կարգը

Ուսանողները պէտք է աշխոյժօրէն մասնակցին օն-լայն քննարկումներուն, ֆօրըմներուն, չաթերուն, անհատական եւ խմբային աշխատանքնորուն, ինչպէս նաեւ որոշուած ժամանակացոյցերուն յանձնեն առաջադրանքները: Ուսանողը պէտք է ծանօթանայ եւ ենթարկուի ՀՀՀ-ի Ակադեմիական Քաղաքականութեան
հետ:
Ուսանողներու յառաջադիմութիւնը կը գնահատուի ամբողջ ուսումնական շրջանի ընթացքին հաւաքած գնահատականներուն հիման վրայ, որ կը գոյանայ հետեւեալ սկզբունքներով.
20% -մասնակցութիւն
20% -առաջադրանքներ
30% -միջանկեալ քննութիւն
30% -աւարտական քննութիւն

Ուսանողին աշխատանքը պիտի գնահատուի տառերու ձեւով համաձայն ՀՀՀ-ի Գնահատման Քաղաքականութիւնը:

Օնլայն ուսուցիչ

teacher
Զեփիւռ Խպլիկեան

Դասաւանդման մեթոտաբանութիւնը

Ելեկտրոնային նիւթերը պատրաստուած են օգտագործման համար դիւրին եւ լսարանի համար մատչելի սկզբունքով: Աշխատանքներն ու քննարկումները, զորս պիտի վարեն օն-լայն ուսուցիչները, կը նախատեսեն ներգրաւել ուսանողները պատմական իրադարձութիւններն ուսումնասիրելու եւ մանրամասն վերլուծութիւն կատարելու: Անհատական եւ խմբային առաջադրանքներու օգնութեամբ ուսանողները պիտի կատարեն ճշգրիտ ուսումնասիրութիւններ` փոխանակելով տեղեկատուութիւնը դասընկերներու հետ: Այն ուսանողները, որոնք սեփական ներդրում կ’ունենան իրենց ուսման մէջ, աւելի նպաստաւոր վիճակի մէջ պիտի ըլլան:

Դասընթացքի նիւթերը

Օն-լայն դասանիւթերը տպագրելու անհրաժեշտութիւն չկայ: Անոնք դասերու մաս կը կազմեն: Ուսանողները պէտք է կարդան, լսեն, դիտեն ամբողջ նիւթը եւ կատարեն իրենց պարտականութիւնները: Օն-լայն դասանիւթերը կազմուած են ընդհանրապէս հասանելի մասնագիտական լեզուաբանական գրականութեան, գիտական ուսումնական ծրագիրներու, մասնագիտական ամսագրերու մէջ վերջերս տպագրուած հրապարակութիւններու, ինչպէս նաեւ դպրոցական ուսումնական ծրագիրներու հիման վրայ:

Դասընթացքի գրականութեան ցանկը

  •  Ն. Ս. Այվազեան «Առաւել գործածական եզրերու բառարան (հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն)», (Երեւան 2000)
  • Ս. Գալստեան. «Ուսումնական ձեռնարկ. Արտասահմանեան քաղաքացիներու նախապատրաստական ֆակուլտետներու համար», (Երեւան 1968)
  • Ս. Գալստեան եւ Գրիգոր Գարէքինեան «Հայերէն զրուցարան», (Երեւան 1990)