login
Արեւելահայերէնի միջին մակարդակ-1
Հասանելի է տարբեր լեզուներով՝
infoՈւսանողի մասնակցութեան տեսակները

Դասի հիմանակն նպատակը ուսանողներուն գիտելիքները կատարելագործելն է` արեւելահայերէնի քերականական, ձեւաբանական, շարահիւսական եւ ուղղագրական կանոնները սորվեցնելով: Ուսանողները կը սորվին հայոց լեզուի դարձուաքներու կազմութիւնը, ուղղագրական կանոնները եւ ձեւաբանական եւ հնչիւնաբանական կառոյցներ, ինչպէս նաեւ կը շարունակեն զարգացնել իրենց լսելու, կարդալու եւ գրելու կարողութիւնը:

Ուսումնական շրջանի օրացոյց

ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆ

ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ

Ձմեռ 2024

Դեկտեմբեր 8 (Ուրբաթ) - Դեկտեմբեր 23 (Կիրակի) 2023

Յունուար 8 (Երկուշաբթի) - Մարտ 12 (Երեքշաբթի)

Գարուն 2024

Մարտ 8 (Ուրբաթ) – Մարտ 23 (Կիրակի)

Ապրիլ 1 (Երկուշաբթի) – Յունիս 4 (Երեքշաբթի)

Ամառ 2024

Յունիս 7 (Ուրբաթ) – Յունիս 22 (Կիրակի)

Յուլիս 1 (Երկուշաբթի) – Սեպտեմբեր 3 (Երեքշաբթի)

Աշուն 2024

Սեպտեմբեր 6 (Ուրբաթ) - Սեպտեմբեր  21 (Կիրակի)

Հոկտեմբեր 7 (Երկուշաբթի) – Դեկտեմբեր 10 (Երեքշաբթի)

Ակնկալուող մասնակցութեան սանդղակ (ժամեր/շաբաթ)

  • Նիւթեր (ձայնա- տեսա- եւ թեքսթային)-1 - 2 ժամ
  • Քննարկումներ-2-3 ժամ
  • Առաջադրանքներ - 2-3 ժամ
  • Ակնկալուող շաբաթական զբաղուածութիւն - 5-8 ժամ

Մասնակիցները պէտք է`

  • Նամակագրական կապ ունենան իրենց դասընկերներուն հետ եւ հաղորդակցին քննարկումներու, ֆօրըմներու, չաթի, Skype-ի, ձայնա-տեսաքոնֆերանսի միջոցով.
  • Ընթերցեն եւ օն-լայն քննարկեն բնագիրները եւ դասանիւթերը.
  • Աշխատին պզտիկ խումբերով եւ անհատապէս` գործածելով օն-լայն միջոցներու ամբողջ համակարգ մը:

 

Դասընթացքի բովանդակութիւնը

  • Բառեր, ուղղական հոլով, անցեալ կատարեալի դրական խոնարհումը, նախադասութիւններ, բնագիր, եկէ´ք գրենք;
  • Բառեր եւ արտայայտութիւններ, սեռական հոլով, անցեալ կատարեալի ժխտական խոնարհումը, երկխօսութիւն, եկէ´ք գրենք;
  • Բառեր եւ արտայայտութիւններ, երկխօսութիւն, տրական հոլով, անցեալ անկատարի ժխտական խոնարհումը, բնագիր, եկէ´ք գրենք;
  • Բառեր եւ արտայայտութիւններ, բնագիր, հայցական հոլով, անցեալ յարակատարի ժխտական խոնարհումը, բնագիր, եկէ´ք գրենք;
  • Բառեր եւ արտայայտութիւններ, բնագիր, բացառական հոլով, անցեալ ապառնիի ժխտական խոնարհումը, բնագիր, եկէ´ք գրենք;
  • Բառեր եւ արտայայտութիւններ, բնագիր, գոյականակերտ ածանցներ, գործիական հոլով, բնագիր, եկէ´ք գրենք;
  • Բառեր եւ արտայայտութիւններ, բնագիր, գոյականակերտ ածանցներ,ներգոյական հոլով, երկխօսութիւն, եկէ´ք գրենք;
  • Բառեր եւ արտայայտութիւններ, երկխօսութիւն, գոյականին հոլոովները, բային ժամանակները, բնագիր, եկէ´ք գրենք:

Ուսուցման արդիւնքները

Արեւելահայերէնի դասընթացքը աւարտելէ ետք ուսանողները կարողութիւն կ̓ունենան կազմելու ճիշդ նախադասութիւններ եւ կիրակելու իմաստաբանական եւ ուղղագրական որոշ կանոններ: Ուսանողները կը սորվին անսխալ գրել, կարդալ եւ ճիշդ կ’ընկալեն իրենց լսած նախադասութիւնները:

 

Դասընթացքի դասացուցակը

Եթէ ընտրէք մասնակցութեան կանոնաւոր ընթացքը(regular program),այդ պարագային ուս.շրջանը կը տեւէ ինը շաբաթ դաս շաբաթ ներառեալ ծանօթացման շաբաթը: Եթէ ընտրէք մասնակցութեան երկարատեւ ընթացքը(slow-mode program),այդ պարագային ուս. շրջանը կը տեւէ տասնվեց շաբաթ(1 դաս/2 շաբաթ)ներառեալ ծանօթացման շաբաթը:

Շաբաթ 0

Ծանօթացման շաբաթ Ուսանողը կը ծանօթանայ կրթական առցանց տիրոյթի, ուսանողի ուղեցոյցի հետ, կ՚ամբողջացնէ իր նկարագիրը (profile), կը մասնակցի ֆորում-քննարկումին։ Այս ընթացքին ուսանողը կը ծանօթանայ նաեւ թեքնիք պահանջքներուն, հաղորդակցական եւ կրթական միջոցներուն, կ՚ընտրէ ժամային գօտին՝ ուսման ընթացքին հեռավար ուսուցիչի հետ կապ պահելու համար։

Շաբաթ 1-8

Դաս 1-8
Հարցումներ եւ առաջադրանքներ

Շաբաթ 4

 

Միջանկեալ քննութիւն

Շաբաթ 8

 

Աւարտական քննութիւն

Դասընթացքի պահանջքները եւ գնահատման կարգը

Ուսանողները պէտք է աշխոյժօրէն մասնակցին օն-լայն քննարկումներուն, ֆօրըմներուն, չաթերուն, անհատական եւ խմբային աշխատանքնորուն, ինչպէս նաեւ որոշուած ժամանակացոյցերուն յանձնեն առաջադրանքները: Ուսանողը պէտք է ծանօթանայ եւ ենթարկուի ՀՀՀ-ի Ակադեմիական Քաղաքականութեան
հետ:
Ուսանողներու յառաջադիմութիւնը կը գնահատուի ամբողջ ուսումնական շրջանի ընթացքին հաւաքած գնահատականներուն հիման վրայ, որ կը գոյանայ հետեւեալ սկզբունքներով.
20% -մասնակցութիւն
20% -առաջադրանքներ
30% -միջանկեալ քննութիւն
30% -աւարտական քննութիւն
Ուսանողին աշխատանքը պիտի գնահատուի տառերու ձեւով համաձայն ՀՀՀ-ի Գնահատման Քաղաքականութիւնը:

Օնլայն ուսուցիչ

teacher
Զեփիւռ Խպլիկեան

Դասաւանդման մեթոտաբանութիւնը

Ելեկտրոնային նիւթերը պատրաստուած են օգտագործման համար դիւրին եւ լսարանի համար մատչելի սկզբունքով: Աշխատանքներն ու քննարկումները, զորս պիտի վարեն օն-լայն ուսուցիչները, կը նախատեսեն ներգրաւել ուսանողները պատմական իրադարձութիւններն ուսումնասիրելու եւ մանրամասն վերլուծութիւն կատարելու: Անհատական եւ խմբային առաջադրանքներու օգնութեամբ ուսանողները պիտի կատարեն ճշգրիտ ուսումնասիրութիւններ` փոխանակելով տեղեկատուութիւնը դասընկերներու հետ: Այն ուսանողները, որոնք սեփական ներդրում կ’ունենան իրենց ուսման մէջ, աւելի նպաստաւոր վիճակի մէջ պիտի ըլլան:

Դասընթացքի նիւթերը

Օն-լայն դասանիւթերը տպագրելու անհրաժեշտութիւն չկայ: Անոնք դասերու մաս կը կազմեն: Ուսանողները պէտք է կարդան, լսեն, դիտեն ամբողջ նիւթը եւ կատարեն իրենց պարտականութիւնները: Օն-լայն դասանիւթերը կազմուած են ընդհանրապէս հասանելի մասնագիտական լեզուաբանական գրականութեան, գիտական ուսումնական ծրագիրներու, մասնագիտական ամսագրերու մէջ վերջերս տպագրուած հրապարակութիւններու, ինչպէս նաեւ դպրոցական ուսումնական ծրագիրներու հիման վրայ:

Դասընթացքի գրականութեան ցանկը

•    Ս. Աբրահամեան, «Հայոց լեզու, բառուխօսք», (Երեւան, 1972)
•    Գ. Ջահուկեան, «Հայոց լեզու», (Երեւան, 1976)
•    Ջ. Կիւլամիրեան, «Հայոց լեզուի տարրական ուսուցման եղանակ», (Երեւան, 2006)
•    Վ. Ի. Կապինոս, «Развитие речи. Теория и практика обучения» [Խօսքի զարգացում, ուսուցման տեսութիւն եւ կիրարկում], (Մոսկուա, 1991)
•    Ս. Ճ. Սավիկնօն եւ Մ.Ս. Պրնս, Communicative language teaching: Where are we going? Studies in Language Learning. [Հաղորդակցման ուսուցում, Ո՞ւր կ’երթանք, Լեզուի ուսուցում], (Օքսֆօրտ, Օքսֆօրտ Համալսարանի հրատարակութիւն, 1983)