login
Ներսէն Հայեացք
«Ճիշդ իմ ուզածս գտայ» 11/07/2022

Նինա Ֆրունճեանը ԱՄՆ-ի Ուիսքանսըն նահանգի Ռէսին քաղաքէն է, ուր պզտիկ, բայց բաւականին աշխոյժ հայկական գաղութ կայ: Իր ընտանիքին եւ բարեկամներուն հետ թէեւ հայերէն խօսած է, բայց կարճ ժամանակ ետք նկատած է, որ հայերէն խօսելու կարողութիւնը  զարգացնելու հնարաւորութիւն գրեթէ չունի:


Նինան կ'ըսէ. «Միշտ կ'ուզէի հայերէն աւելի լաւ խօսիլ եւ տարբեր նիւթեր ու առարկաներ հայերէնով սորվիլ»:   

 
Երբ կը լսէ, որ իր ընկերուհին Հայկական Համացանցային Համալսարանի միջոցով արեւմտահայերէն սորվելու սկսած է, անմիջապէս ինք եւս դասընթացքին կ'արձանագրուի. «Այն, ի՛նչ կը փնտռէի՝ գտայ. ճիշդ իմ ուզածս էր»:

 
Նինան կը հետեւի ՀՀՀ-ի Արեւմտահայերէնի դասընթացքի բոլոր մակարդակներուն: Լեզուի դասընթացքը աւարտելէ ետք կը հետեւի նաեւ արեւմտահայերէնով աւանդուող Հայկական երաժշտութեան պատմութեան դասընթացքին:
Ան կը հաստատէ. «Եթե կ'ուզէք հայերէն սորվիլ, կամ եթէ քիչ մը գիտէք եւ կ'ուզէք աւելի զարգացնել ձեր հայերէնի իմացութեան մակարդակը, ապա այս առիթը մի՛ կորսնցնէք: ՀՀՀ-ի դասերը իւրայատուկ հնարաւորութիւն կու տան բոլորին՝  բարելաւելու խօսելու, կարդալու եւ հայերէնով ըմբռնելու հմտութիւնները, միաժամանակ օգնելով զգալու, որ այս աշխատանքին մէջ՝ առանձին չէք»:

 
Արեւմտահայերէն տեսանիւթին կրնաք հետեւիլ սեղմելով այստեղ։