login
Ներսէն Հայեացք
Այս Ամենը Սիրոյ Մասին Է 12/11/2014

Էլիզիա Սարգսեանը, ԱՄՆի Օհայո նահանգին մէջ, իր աշխատավայրը հանդիպեցաւ ծնունդով Հայաստանցի ամուսինին: 2005 թուականին ամուսնացան: Հակառակա անոր որ Էլիզիան ազգութեամբ հայ չէ, սակայն ան հայկական մշակոյթով եւ պատմութեամբ շատ հետաքրքուած է : Իր երկու աղջիկ զաւակներուն ծնունդէն ետք որոշեց հայերէն սորվիլ:


«Լեզուն սորվիլը ինծի համար շատ կարեւոր էր. ես երեք կարեւոր պատճառ ունէի»,- Էլիզիան ըսաւ: «Առաջինը, որպէսզի Հայաստան ապրող ամուսինիս ծնողքին հետ հաղորդակցուիմ: Երկրորդը, կը փափաքիմ իմ աղջիկներուս սորվեցնեմ, որպէսզի իրենք միշտ յիշեն իրենց ժառանգութիւնը եւ մայրենի լեզուն: Իսկ երրորդը, կը փափաքիմ մասնակցիլ Հայաստանի մանուկներ հիմնադրամի գործունէութեանը (COAF): Հոն ես պէտք է հայերէնով յարաբերիմ»:
 

Էլիզիան կատակախօսելով նշած է, չնայած անոր որ իր ամուսինը լաւ հայերէն կը խօսի , սակայն «լաւ ուսուցիչ չէ», այդ պատճառով ալ ան ստիպուեցաւ հայերէն սորվելու տարբերակներ փնտռել:


Հայաստանի մէջ Էլիզիային կեսուրը կը հանդիպի ամերիկացուհիի մը, ով հայերէն շատ լաւ կը խօսէր: Երբ կը հարցնէ ինչպէս եւ ուր սորված է այդքան լաւ խօսիլը, ան Հայկական Համացանցային Համալսարանի (ՀՀՀ) անունը կու տայ: Էլիզային կեսուրն ալ խորհուրդ կու տայ իրեն ՀՀՀի մէջ արձանագրուիլ:


Էլիզիային անհրաժեշտ էր միջոց մը, որը կը յարմարէր իրեն եւ չէր խանգարէր իր աշխատանքին, ամուսնական կեանքին, ինչպէս նաեւ վեց եւ երեք տարեկան զաւակներուն դաստիարակութեանը: «ՀՀՀն իր ճկունութեամբ եւ արդիւնաւէտութեամբ իմ լաւագոյն ընտրութիւնս էր»,- ըսաւ Էլիզիան: ՀՀՀն շարք մը օնլայն դասընթացքներ կը տրամադրէ: Այդ դասընթացքներէն մէկը հայոց լեզուն է` սկսնակէն մինչեւ բարձրագոյն մակարդակները: Այն կատարեալ է այն մարդկանց համար, որոնք դասերը իրենց կենսակերպին պէտք չէ խանգարէ:
 

Այսօր, Էլիզիան իր ամուսինին հետ հայերէն կրնայ խօսիլ, նոյնիսկ կը սրբագրէ իր սխալները: Ան նաեւ իր զաւակներուն կը սորվեցնէ: Աղջիկները մեծ սիրով կը սորվին , նոյնիսկ ուրախ են որ իրենց «մայրիկին հետ խօսելու գաղտնի լեզու» ունին եւ որ այդ լեզուն իրենց ընկերները չեն հասկնար: Այն օրը երբ իր զաւակները իրեն ողջոյնեցին մեծ ժպիտով եւ «բարի լոյս»-ով, ան զգաց որ որպէս ուսուցիչ շատ մեծ գործ մը կատարած է:
 

Երբ հարցուցին, հայերէն սորվելու ընթացքին ամենադժուարը ի՞նչ էր, Էլիզիան պատասխանեց . «Դժուար էր բոլորովին նոր այբուբեն եւ հնչիւններ սորվիլը: Երբեմն ալ անգլերէնի ամենապարզ բառերը եւ նախադասութիւնները հայերէնին մէջ կը դառնային երկար բառեր կամ բարդ նախադասութիւններ: Բայց ես կը սիրեմ հայերէնը»: Ան նշեց նաեւ, իր օնլայն ուսուցչուհիին ` Մարինա Խաչատուրեանին աջակցութիւնը եւ մեծ պատրաստակամութիւնը: Իր անձնական փորձը նկատի առնելով, ան խորհուրդ կու տայ բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին հայերէն սորվիլ եւ որակեալ կրթութիւն ստանալ արձանագրուիլ եւ միանալ ՀՀՀին:
 

Էլիզիան յոյս ունի , որ ՀՀՀն օր մը կ՛առաջարկէ նաեւ եկեղեցւոյ պատմութեան դասընթացքներ եւ առիթ կ՛ ունենայ իր կրթութիւնը շարունակելու հայկական մշակոյթի բնագաւառը ուսումնասիրելով : Ան առաջին անգամ իր ընտանիքին հետ Հայաստան պիտի այցելէ 2015 թուականին, ամռան եւ պիտի ցանկանայ ցոյց տալ հայերէն լեզուի իմացութիւնը : ՀՀՀի շնորհիւ…


Հեղինակ՝ Լենա Թաշճեան